ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 9

Վայոց Ձորը Հայաստանի հարաւը գտնուող մարզերէն մէկն է։ Հարուստ է ուսումնասիրութեան եւ բացայատման արժանի պատմական վայրերով եւ հրաշակերտ բնութեամբ։ Հազարամեակներ շարունակ, գտնուելով տարբեր մշակոյթներու խաչմերուկին, կը կրէ հնագոյն, միջնադարեան եւ արդի հասարակութեան հետքերը։ Եթէ մօտակայքը արշաւի մեկնիք, առանձին կամ՝ ուղեկիցի մը հետ, կը գտնէք միջնադարեան որեւէ եկեղեցւոյ աւերակները եւ կամ կը լսէք 13-րդ դարու լքուած գերեզմանատան մը պատմութիւնը։

Վերջին տարիներուն, հետազօտողները նոր բացայայտումներ կատարեցին Վայոց Ձորի մասին։ 2007-ին, հնագէտները յայտնաբերեցին, որ առնուազն 6000 տարի առաջ, Արենիի քարանձաւը, գինիի արտադրութեան աշխարհի ամենահին կեդրոններէն մէկը եղած է։

Շրջելով Արենիի քարանձաւի տարածքը, կը ծանօթանաք հազարամեակներէ ի վեր առկայ մարդկային բնակավայրերուն։ Ուղղաձիգ կիրճերը, յորդառատ գետերը եւ հարուստ բուսական աշխարհը, որ բնորոշ է տափաստանային չոր միջավայրին, տարիներու ընթացքին, նպաստած են գիւղատնտեսական աշխատանքներուն եւ գինիի արտադրութեան համար նախատեսուած խաղողի տեսակներու աճեցման։ Հայաստանը երկրաշարժային կեդրոն է։ Հրաբխային հողը կարեւոր հիմք է խաղողի այգիներու, պազալթի, տուֆի եւ օպսիթի հարուստ պաշարի համար։ Սոյն հումքը, հազարաւոր տարիներ, մարդկանց ծառայած է որպէս միջոց՝ առեւտուրի եւ շինարարութեան։ Նախապատմական, միջնադարեան եւ նորագոյն ժամանակներէն հասած կառոյցներու մնացորդները խօսուն վկաներն են ներդաշնակ կապի առկայութեանը՝ միջավայրի հետ։

Պատմութիւն (տեսանիւթ)

Արենիի Քարանձաւը

Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID

Հազարամեակներու Պատմութիւն. Վայոց Ձորը՝ Դարերու Ընթացքին