ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 10

Միջին դարերուն, Վայոց Ձորը հիւրընկալած է Մետաքսի Ճանապարհի ճամբորդները եւ հայկական հզօր իշխանութիւնները, ինչպէս՝ Պռոշեան եւ Օրբէլեան տոհմերը, որոնք կառուցած են բազմաթիւ իւրայատուկ եկեղեցիներ, ամրոցներ եւ իջեւանատուներ (Մետաքսի Ճանապարհով անցնող ճամբորդներու եւ իրենց անասուններուն համար):

Իշխանական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալէն բացի, Վայոց Ձորը յայտնի է նաեւ իր Գլաձորի համալսարանով, որ Հայաստանի ամենահին կրթական հաստատութիւններէն է։ Համալսարանի մէջ կը դասաւանդուէր Աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, աստղագիտութիւն եւ երկրաչափութիւն։ Այսօր, կրնաք այցելել Թանահատի վանքը, ուր ենթադրաբար կը գտնուէր համալսարանը։ Այստեղ կը գտնուի նաեւ Գլաձորի նուիրուած թանգարանը։

Միջնադարեան Խաչքարեր

Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID

Թանահատի Վանքը

Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID

Օրբէլեաններու Իջեւանատունը

Լուսանկարը՝ Վլատիմիր Գրիգորեանի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Նորավանք Վանական Համալիր

Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Հազարամեակներու Պատմութիւն. Վայոց Ձորը՝ Դարերու Ընթացքին