ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 11

Վայոց Ձորը հարուստ է բարձր լեռներով, խորասոյզ կիրճերով, ջինջ գետակներով եւ բերրի հովիտներով։ Այստեղ կարելի է գտնել այնպիսի կենդանիներ, որոնք ընդգրկուած են Հայաստանի Կարմիր Գիրքի մէջ։ Ըստ Բնութեան Պահպանութեան Եւ Բնական Հարստութեան Միջազգային Միութեան սահմանած դասակարգումներուն, այս գիրքին մէջ կը ներառուին Հայաստանի հազուագիւտ եւ վտանգուած կենդանիներու տեսակները։ Պեզօր քարայծեր, կովկասեան արջեր, վայրի վարազներ, արծիւներ, անգղներ, նոյնիսկ՝ կովկասեան ընձառիւծ կարելի է գտնել Վայոց Ձորի բլուրներուն վրայ։ Կենդանական աշխարհի սիրահարներու համար, իսկապէս գրաւիչ է ամբողջ տարածաշրջանը։

Բնութեան պահպանման համար աշխատանքներ կը կատարեն «Գնիշիկ» Համայնքային Պահպանուող Տարածք ծրագիրը, մարզի տեղական համայնքները, միջազգային կազմակերպութիւնները, ինչպէս՝ Վայրի Բնութեան Համաշխարհային Հիմնադրամը։ Նպատակն է պահպանել Հայաստանի բազմազան, հարիւրաւոր բոյսերն ու կենդանիները։

Այստեղ, կրնաք հեռադիտակով հետեւիլ փախչող գառնանգղին, տեսնել պեզօրեան այծերու հօտը, այնինչ, անտառապահները եւ ուղեկցողները կ՚օգնեն կողմնորոշուելու, որպէսզի ձեր ուշադրութիւնը սեւեռէք ամենագրաւիչ տեսարաններու եւ կենդանիներու վրայ։

Քարքարոտ եւ չոր տարածքը, որ կ՚երկարի Արենի գիւղէն մինչեւ Վարդենիսի լեռնանցքը (990 մ. մինչեւ 3522 մ. ) հարուստ է ու բազմազան։ Հոսող բազմաթիւ գետերու եւ անոնցմէ բխող աղբիւրներու շնորհիւ հողը բարեբեր է ոչ միայն պտղատու եւ խաղողի այգիներու, այլեւ՝ տարբեր տեսակի փոքր ծառերու եւ թուփերու համար: Դիւթիչ երանգապնակ մը կը կազմեն կիրճերու երկայնքին՝ գետափին աճող վայրի ծաղիկները եւ պտուղները։

Ի դէպ, տարածքը կրնաք բացայայտել շրջելով ամենագնաց մեքենայով կամ ոտքով:

Բնութիւն (տեսանիւթ)

Վայոց Ձորի Հրաշալի Բնապատկերները