ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 8

Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, SmithsonianՀաստատութիւն / USAID

«Վայոց Ձոր» ել. գիրքը հրապարակուած է «Իմ Հայաստան» ծրագիրի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային համալսարանի համատեղ ջանքերով։ «Իմ Հայաստան» ծրագիրի նպատակն է աջակցիլ հայկական մշակոյթի պահպանմանը՝ յարաճուն զարգացող զբօսաշրջութեան ոլորտի միջոցով։ «Իմ Հայաստան» ծրագիրը հաստատուած է USAID-ի նիւթական աջակցութեամբ եւ իրագործուած` Smithsonian հաստատութեան շնորհիւ։ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի առաքելութիւնն է ամբողջ աշխարհին ներկայացնել հայկական հարուստ մշակոյթը՝ առցանց կրթութեան նորարարական եւ ներգործօն ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ել. գիրքերու միջոցով։ «Իմ Հայաստան» ծրագիրը եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը մէկտեղելով իրենց փորձառութիւնը, հրապարակած են սոյն ել. գիրքը։

Ել. գիրքը կ՚օգնէ, որ ճամբորդութիւնը նախապէս ծրագրելու կարելիութիւնը ունենաք։ Առաւել, իր տրամադրած տեղեկութիւններով, կը հանդիսանայ անփոխարինելի ուղեցոյց՝ Վայոց Ձորի մասին։

Գիրքին մէջ զետեղուած շարժական քարտէզը կ՚առաջնորդէ շրջագայութիւնը՝ մարզէն ներս։ Քարտէզը կը բացայայտէ կարեւոր տեղեկութիւններ պատմական, բնական եւ մշակութային յուշարձաններու, ինչպէս նաեւ իջեւանատուներու, ճաշարաններու եւ զուարճանքի կեդրոններու մասին։

Բացի այդ, այստեղ կը տեսնենք բազմազան նիւթեր Հայաստանի մշակոյթի, տեսարժան վայրերու, պանդոկներու ծառայութիւններու, խաղողի այգիներու եւ երթուղիներու մասին։ Գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ, «Իմ Հայաստան» խորագիրով լուսանկարներ ու պատումներ՝ Վայոց Ձորի բնակիչներու, աւանդոյթներու եւ պատմութիւններու մասին։

Թերթեցէք էջերը եւ տեսանիւթերու միջոցով ստացէք յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ Վայոց Ձորի տեսարժան վայրերու մասին։

Բարի Գալուստ Վայոց Ձոր