Լաւաշի խմորի գունդեր։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Լաւաշ թխելու մասին բազմաթիւ աւանդութիւններ կան։ Վայոց Ձորի բնակիչներէն շատեր կը հաւատան, որ լաւաշը ունի առեղծուածային եւ բուժիչ յատկութիւններ։ Այդ աւանդութիւններէն մէկը, օրինակ, կապ ունի լաւաշի թխման արարողութեան վերջին հանգրուանին հետ։ Երբ թխուած լաւաշը դուրս հանուի թոնիրէն, պէտք է դնել գետնի վրայ՝ «ճիշդ» կողմով, այսինքն` այն կողմով, որ չէ դիպչած թոնիրի պատին: Այլապէս, տարիքով մեծ կանայք իրենց ծունկերը կը ծեծեն եւ անմիջապէս կը պահանջեն, որ սխալը ուղղուի, որպէսզի թոնիրի տէրը դժբախտութեան չհանդիպի։
Կինը լաւաշ թխելու համար սպիտակ բարձ կ՚օգտագործէ։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
ծեծեն եւ անմիջապէս կը պահանջեն, որ սխալը ուղղուի, որպէսզի թոնիրի տէրը դժբախտութեան չհանդիպի։
Լաւաշը կարեւոր դեր ունի նաեւ միջոցառումներու ընթացքին։ Օրինակ, հարսանիքներուն, ժապաւէնով զարդարուած լաւաշ կը դնեն նորապսակներու ուսին, որպէսզի անոնք բարեկեցիկ կեանք ունենան։
Իսկ Ռինդ գիւղի մէջ, լաւաշ թխելէ յետոյ, գիղացիները մնացած ալիւրով խմորի երկու գունդ կը պատրասեն։ Երեխայի սեռը գուշակելու միտումով, յղի կինը այդ գունդերու վրայէն կ՚անցնի եւ գունդը թոնիրի մէջ կը նետէ։ Եթէ գունդը անմիջապէս պայթի, ուրեմն աղջիկ երեխայ պիտի ծնի, իսկ եթէ կամաց-կամաց բացուի՝ տղայ երեխայ։
Ճաշարաններ Եւ Հացատուներ