Վայոց Ձորի մէջ կրնաք ճաշակել հայկական աւանդական եւ տնական համեղ ուտեստներ, գինիներ եւ օղիի տեսակներ։ Վայոց Ձորը հարուստ է այգիներով, այդ իսկ պատճառով հայկական խոհանոցը ճոխ է եւ հարուստ։ Վայոց Ձորի մէջ ամէն տուն ունի իր այգին, լի՝ մրգատու ծառերով, խաղողի վազերով եւ բանջարեղէնով։ Մարդիկ իրենց բերքի միայն մէկ մասը կ՚օգտագործեն, իսկ մնացածը կը փոխանակեն այլ ապրանքներու հետ։ Սովորաբար բերքը կը քաղեն միայն այն ժամանակ, երբ երախայրիքը հասուն դառնայ։ Մալիշքա գիւղի բնակիչները կը պատմեն, որ ժամանակին, երկու դրացիներ, իրենց շուները կը փոխանակեն, որպէսզի շուները հսկեն եւ արգիլեն իրենց մուտքը՝ սեփական այգի, մինչեւ բերքը հասուննայ։ Փաստօրէն, միրգերը եւ բանջարեղէնները այնքան թարմ կ՚ըլլան, որ մարդիկ , ստիպուած, այսպիսի տարբեր միջոցներու կը դիմեն...։Վայոց Ձորի մէջ, ուր որ ալ այցելէք, կը գտնէք լաւաշը՝ հայկական աւանդական հացը։ Լաւաշը բարակ հաց է եւ իւրաքանչիւր սեղանի պարտադիր բաղադրիչը։ Երկարութիւնը երբեմն կը հասնի մինչեւ 1,5 մ.։ Լաւաշի պատրաստման կը մասնակցին 3-5 մտերիմ բարեկամներ։ Խմորը հունցելու, գունդերու բաժնելու եւ գրտնակով բանալու ու թոնիրի մէջ թխելու ընթացքին աշխատող կիները կ՚երգեն ու կը զրուցեն։ Թոնիրը գետնափոր գլանաձեւ փուռ է։ Լաւաշ թխողը, խմորը կ՚ամրացնէ յատուկ բարձի վրայ ու կը զարնէ թոնիրի պատին եւ մօտաւորապէս 1 վայրկեանէն կը հանէ թխուած լաւաշը։ Այս յատուկ բարձերը կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ կը համարուին հպարտութեան խորհրդանշան։ Հաւկթաձեւ լաւաշը թոնիրէն հանելէ ետք, խնամքով կը ծածկեն ձեռագործով նախշուած յատուկ կտորի մէջ։ Մաքուր, ճերմակ, ձեռագործով զարդարուած կտորը հնարաւորութիւն կու տայ կանանց, որ ցոյց տան իրենց ձեռային աշխատանքը եւ ասեղնագործելու շնորհքը։Լաւաշ թխող կինը, մէկ օրուան մէջ 250- 280 լաւաշ թխելու համար, ստիպուած է կռանալու եւ բարձրանալու աւելի քան հազար անգամ։ Լաւաշ թխելու արարողութեան հետեւողները զարմանքով կը նկատեն, թէ ինչպիսի արագութեամբ կանայք իրարու կը փոխանցեն խմորի գունդերը։
Սեփական բակի միրգն ու տնական գինին։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Կինը լաւաշ կը թխէ։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Ճաշարաններ Եւ Հացատուներ