Հայաստանի եւ յատկապէս Վաոց Ձորի մէջ անպայման ճաշակեցէք հորած պանիրը։ Նոյնիսկ եթէ երբեք չէք փորձած, վստահ եղէք որ շատ համով է։ Գարնան, իւղոտ կաթը կթելէ, մակարդելէ եւ շիճուկը հեռացնելէ ետք, գիւղացիները 40-60 օր կը ձգեն աղաջուրի մէջ։ Այս ընթացքին կանայք պանիրին կը խառնեն տեղական կանաչեղէն եւ համեմունքներ,ինչպէս` կծու պղպեղի բարակ շերտեր եւ թարխունի տերեւներ: Ստացուած զանգուածը ապակեայ կամ կաւէ անօթներով կը տեղաւորեն 60 ս.մ. խորութիւն ունեցող փոսերու մէջ, սովորաբար՝ տան նկուղները: Այդ անօթները ամուր կը ծածկեն թոնիրէն բերուած ածուխով: Պանիրը ստորգետնեայ հորերու մէջ կը պահուի ամրան կէսերէն մինչեւ աշուն, որպէսզի համեմունքներու եւ կանաչեղէնի համն ու հոտը խառնուին պանիրին հետ: Հիմա, ուտեստները համտեսելէ ետք, փորձեցէք տեղական խմիչքը: Անկարելի է այցելել Վայոց Ձոր առանց ճաշակելու մրգերով պատրաստուած օղին:
Այստեղ ձեզի կ՚առաջարկեն խաղողի, սալորի, խնձորի, ծիրանի, թխկիի, վայրի տանձի, հատապտուղներու, նոյնիսկ՝ մասուրի օղի: Ի դէպ, Կորպաչովի իշխանութեան տարիներուն օղի թորելն արգիլուած էր խորհրդային կառավարութեան կողմէ:
Տնական օղիի արտադրութիւնը զարգացաւ 1990-ականներու սկիզբը։ Ոգելից խմիչքներու արտադրութեան նկատմամբ խորհրդային կառավարութեան խիստ հսկողութիւնը, տնտեսական ձախող բարեփոխումները եւ գիւղատնտեսական հիմնարկներու անկումը պատճառ դարձան, որ ոգելից խմիչքներու արտադրութիւնը տեղափոխուի գյուղացիներու բակերը:
Բոլոր հաւաքոյթներուն տնական օղին միշտ առկայ է։ Օրինակ, Ռինդ գիւղի մէջ, ընտանիք մը 60 լիթր տնական օղիով կը նշէ տղու վերդարձը՝ զինուորական ծառայութենէն։Հաւաքոյթներուն օղիով կենաց խմելը ընդունուած սովորոյթ է: Բայց, զգոյշ. փոքր կումերով օղի խմելը անընդունելի է: Դուք պէտք է մէկ բաժակ օղին մէկ շունչով խմէք։ Մալիշքա գիւղի մէջ Ճաշի ընթացքին երեք բաժակ օղի կը խմեն. առաջինը՝ յաջողութեան, երկրորդը՝ անյաջողութիւններէն խուսափելու, իսկ երրորդը՝ Աստուծոյ փառքի համար: Եթէ կանգ առնէք երկրորդ բաժակի վրայ, ապա անյաջողութեան կը հանդիպիք։
Տղամարդը՝ օղիի բաժակը ձեռքին։
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Ճաշարաններ Եւ Հացատուներ