«Գլաձորի Համալսարան» Պատմամշակութային Արգելոց-Թանգարան
Վերնաշէնի պատմական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող թաանգարանը, եկեղեցւոյ վերանուիրագործման հիանալի օրինակն է: Թանագարանը հիմնուած է 1984-ին, Գլաձորի համալսարանի 700-ամեակի առթիւ:
Այստեղ կը ծանօթանաք 13-14-րդ դարերուն գործող Գլաձորի համալսարանի պատմութեանն ու արժէքին: Ցուցադրուած են 250 աշխատանքներու կրկնօրինակներ, որոնք Գլաձորի համալսարանի եւ միջնադարեան կրթական այլ հաստատութիւններու մէջ ստեղծած են դպիրները, ծաղկողները եւ մանրանկարիչները: Ցուցադրուած են նաեւ Աստուածաշունչերու, Աւետարաններու, դասագիրքերու եւ ձեռագիր մատեաններու կրկնօրինակները: Թանգարանը տեղեկութիւնները կը ներկայացնէ հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Այցելեցէք յարակից Թանահատ վանքը, ուր ենթադրաբար կը գտնուէր համալսարանը:
համալսարանը: Ժամանակակիցները համալսարանը համարած են «Երկրորդ Փառահեղ Աթենք» եւ «Մայրաքաղաք Իմաստութեան»: Ուսումնական խիստ ծրագիրը կ՚ընդգրկէր Աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն, աստղագիտութիւն, երկրաչափութիւն եւ այլ նիւթեր: Համալսարանը եղած է նաեւ գրչութեան կեդրոն, ուր ընդօրինակուած են հարիւրաւոր ձեռագիր մատեաններ:
Թէեւ «Էջմիածինի Աւետարան»ը հայկական ամենահին ձեռագիր մատեաններէն է ու կը պարունակէ 6-7-րդ դարերու նկարազարդումներ եւ 10-րդ դարու գրութիւններ, այդուհանդերձ գիտնականները կը պնդեն, որ ձեռագիր մատեաններ կազմուած են 5-րդ դարէն, գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք: Նկարազարդման տիպական տարրերն են՝ չորս աւետարանիչներէն մէկուն մանրանկարը (ամբողջ էջի նկարազարդում), լուսանցքային զարդանախշերը եւ գեղազարդային գլխագիրները:
Ս. Յակոբ եկեղեցի (Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)
Կարդացէք Աւելին
Հայկական Նկարազարդ Մատեաններ
Մշակութային Վայրեր