ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 49

Մոմիկ Ճարտարապետի Թանգարան

Նորավանքէն ետք այցելեցէք այս թանգարանը, որ նուիրուած է յայտնի ճարտարապետ, քանդակագործ եւ մանրանկարիչ Մոմիկի ստեղծած մատեաններուն եւ քանդակներուն:

Թէեւ ցուցանմոյշներու մեծ մասը Մոմիկի եւ իր ժամանակակիցներու աշխատանքներու կրկնօրինակներն են, այնուամենայնիւ հնարաւորութիւն կ՚ունենանք աւելի ուսումնասիրելու Նորավանքի քանդակները: Այստեղ, ցոյց տրուած է, թէ ինչպէս կատարուած է մատեաններու նկարազարդման համար նախատեսուած գոյներու պատրաստութիւնը:Թանգարանին մէջ կը գտնէք պեղումներու գտածոները: Մուտքին ցուցադրուած են լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն Նորավանքի վերակառուցման աշխատանքները՝ 1990-ականներուն:

Թանգարանի Ներքին Բաժինը

Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Թանգարանային Ցուցանմոյշներ

Լուսանկարները՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Թանգարանային Ցուցանմոյշներ

Լուսանկարները՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Ազգագրութիւն՝ Զրոյց Մոմիկի Մասին

Աւանդազրոյցը յայտնի ճարտարապետ, քանդակագործ եւ մանրանկարիչ Մոմիկի սիրոյ մասին է: Ան սիրահարուած էր Սիւնեաց իշխանի աղջկան: Իշխանը համաձայնած է աղջիկը ամուսնացնել Մոմիկի հետ, եթէ եկեղեցի մը (շատեր կ՚ըսեն քանի մը եկեղեցի) կառուցէ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Մոմիկը ջանասիրութեամբ կ՚աշխատի: Երբ Նորավանքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցումը կը մօտենայ աւարտին, Սիւնեաց իշխանը իր ծառան կ՚ուղարկէ Մոմիկի մօտ, որ այդ ժամանակ գմբէթի վրայ կ՚աշխատէր: Ծառան Մոմիկը գմբէթէն վար կը հրէ: Աւանդութեան համաձայն, վարպետը թաղուած է այն տեղը, ուր ինկած եւ մահացած է:

Մշակութային Վայրեր