Երիտասարդ աղջիկները խաղողը կը ճմլեն, Ռինդ:
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Վարպետ Գինեգործներու Տաղաւարները, Արենիի Փառատօն
Լուսանկարը՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Գինիի Փառատօն
Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի վերջին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը՝ Ռինդ եւ Արենի գիւղերու մէջ: Միջոցառումը սկիզբ կ՚առնէ Ռինդի մէջ, ուր կը ցուցադրուին լաւագոյն մթերքներն ու ըմպելիքները: Այդ ընթացքին, դպրոցական աշակերտները կը ներկայացնեն հայկական աւանդական երգերն ու պարերը:
Յաջորդ օր, փառատօնը կը շարունակուի Արենիի մէջ, որուն կը մասնակցին հազարաւոր մարդիկ՝ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն: Գլխաւոր փողոցի երկայնքին տեղադրուած տաղաւարներուն մէջ բնակիչները կը վաճառեն իրենց տնական գինին: Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ գինեգործութեամբ զբաղուող յայտնի մասնագէտները: Մարդիկ անընդհատ կ՚երգեն ու կը պարեն եւ հիւրերը կը հրաւիրեն, որ միանան պարային խումբերուն:
Մշակութային Վայրեր