ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 40

Ջերմուկի Ջրվէժը

(Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)

Ջերմուկի ջրվէժը 70 մ. բարձրութենէն կը թափի Արփա գետի մէջ: Այս հմայիչ ջրվէժը կոչուած է «Ջրահարսի Վարսեր»: Ըստ աւանդութեան, ջրվէժի վերը, ամրոցի մէջ, իշխանուհի մը կ՚ապրէր՝ իր հօր հետ: Աղջիկը կը մերժէ թեկնածուներու ամուսնութեան առաջարկը, որովհետեւ սիրահարուած էր հովիւի տղուն: Ամէն երեկոյ, իր պատուհանէն պարան կ՚իջեցնէր, որպէսզի սիրած տղան բարձրանայ: Հայրը երբ կ՚իմանայ, կը սպառնայ, որ կրկին հանդիպելու պարագային աղջիկը պիտի կերպարանափոխուի ու ջրահարս դառնայ: Յաջորդ գիշեր, իշխանուհին պարանի փոխարէն իր վարսերը կ՚իջեցնէ, որ տղան բարձրանայ: Ան անմիջապէս ջրահարս կը դառնայ, վարսերն ալ՝ ջրվէժ:

Հիմա, կանգնեցէք կամուրջի վրայ եւ լուսանկարեցէք բնական հրաշքը:

Ջրվէժ տանող ճանապարհին կը տեսնէք մէկ այլ բնակերտ հրաշալիք՝ «Երազանքի Կամար»ը։ «Երազանքի Կամար»ը ցածրադիր կառոյց է՝ գետի երկայնքին: Կ՚ըսեն թէ, եթէ կամարի տակէն անցնելու ժամանկ ցանկութիւն մը պահէք՝ անպայման կը կատարուի:

Ջերմուկի Ջրվէժը

Լուսանկարը՝ Վահէ Դարբինեանի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID

Ջերմուկի Ջրվէժը Եւ «Երազանքի Կամար»ը

Բնական Տեսարժան Վայրեր

Հայկական բոլոր գիւղերու մէջ կան ցայտաղբիւրներ, որոնցմէ սառնորակ ջուր կը ցայտէ: Բնակիչները կը հաւաքուին ցայտաղբիւրներու շուրջ, զրուցելու եւ հանգստանալու համար: Երբեմն, ցայտաղբիւրներ կը զետեղուին, ի յիշատակ՝ հանգուցեալներու: Կան ընտանիքներ, որոնք ցայտաղբիւրի պահպանութեան եւ վերանորոգութեան պատասխանատուութիւնը իրենք կը ստանձնեն: Յուշակոթողային քարէ ցայտաղբիւրներ կան գրեթէ իւրաքանչիւր գիւղի հրապարակի մէջ:

Կարդացէք Աւելին

Ազգագրութիւն-Ցայտաղբիւրներ (Պուլպուլակ)