Ջերմուկի յայտնի աղբիւրներէն մէկը:
Լուսանկարը՝ AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ-ի
Հանքային Ջուրի Աղբիւր, Ջերմուկ
Լուսանկարը՝ Լիզ Սետարի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Ջերմուկը յայտնի է տաք աղբիւրներով, հանքային ջուրով եւ ձմեռնային մարզաձեւերու համար նախատեսուած յարմարութիւններով: Ջերմուկի մէջ կրնաք վայելել հանգստացնող, բուժիչ աղբիւրներն ու հանքային աւազանները:
Հնագիտական պեղումներու համաձայն, այս տարածաշրջանը բնակեցուած է Ն.Ք. 2- 1-ին հազարամեակ: Միջնադարեան քարէ աւազանը կը հաստատէ, որ մարդիկ, հարիւրաւոր տարիներէ, օգտուած են հանքային ջուրէն:
Ջերմուկի մէջ կայ ճոպանուղի: Կառուցուած է 2007-ին: Ճոպանուղիով կրնաք բարձրանալ մինչեւ 2480 մ. եւ ձմռան, դահուկներով սահիլ:
Հաւանաբար փորձած էք Ջերմուկի ջուրը եւ ծանօթ է «ջերմուկ» բառը, որ բառացի կը նշանակէ «հանքային տաք աղբիւր»: Այստեղ կը գտնուի Հայաստանի «Ջերմուկ» հանքային ջուրի յայտնի գործարանը:
Ջերմուկ
Բնական Տեսարժան Վայրեր
տաք աղբիւր»: Այստեղ կը գտնուի Հայաստանի «Ջերմուկ» հանքային ջուրի յայտնի գործարանը: