«Գնիշիկ» Համայնքային Պահպանուող Տարածք
Այստեղ շրջելու համար կրնաք դիմել անտառապահներէն մէկուն, որպէսզի ուղեկցի արշաւի ընթացքին: Ան ցոյց կու տայ այն դիտակէտերը, ուրկէ կրնաք տեսնել Նորավանքի հրաշագեղ տեսարանը: Անտառապահները ունին փորձառութիւն եւ կրնան գտնել ստորջրեայ ժայռերէն մինչեւ հովիտ վազող պեզօրեան այծերը: Անտառապահները կ՚օգնեն, որ հեռադիտակներով զննէք տարածքը:
Գիտէ՞ք Թէ....
Պեզօրեան այծեր կան նաեւ Հարաւային Կովկասի, Արեւելեան Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ:
Ասիոյ մէջ: Նոխազի եղջիւրի երկարութիւնը կրնայ հասնիլ չորս ոտքի՝ ճիշդ մարմինի հասակին չափ: Եղջիւրը կ՚երկարի եւ կամարաձեւ կը շրջուի դէպի ետեւ: Պեզօրները կ՚ապրին հօտերով՝ լեռներու վրայ եւ կը սնուին լեռներու ստորոտը աճող բոյսերով եւ թուփերով:Զուգաւորման շրջանին, Նոյեմբեր-Յունուար ամիսերուն, անոնց թիւը կը հասնի հարիւրի:
Բնական Տեսարժան Վայրեր