ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 37

Այս տարածքը կը հովանաւորեն տեղական երեք համայնքներ, ինչպէս նաեւ Վայրի Բնութեան Համաշխարհային Հիմնադրամը: Նպատակն է ապահովել Հայաստանի կենսաբազմազանութիւնը: Բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործուած են պահպանելու համար բոյսի 900 եւ մօտաւորապէս կենդանիի 525 տեսակ:

Մուտքերու մօտ կան տեղեկատուական վահանակներ, որոնց միջոցով կրնաք ստուգել իւրաքանչիւր քայլարշաւի հեռաւորութիւնը եւ բարդութեան աստիճանը:

Արահետները անցնելով կը վայելէք ժայռոտ բլուրները, կիրճերը եւ ցայտող աղբիւրները:

«Գնիշիկ» Համայնքային Պահպանուող Տարածք

Բնական Տեսարժան Վայրեր

բոյսի 900 եւ մօտաւորապէս կենդանիի 525 տեսակ:

Այստեղ կան արշաւելու յարմար արահետներ եւ վրանային ճամբարի տարածքներ:

Աշխարհի 12000 Թռչնաբանական Կարեւորագոյն Տարածքներէն մէկը Նորավանքինն է, որուն մէկ հատուածը Գնիշիկի տարածքի մէջ է: Նպատակն է պահպանել թռչնատեսակը եւ ապրած բնակավայրը: Այստեղ կան աւելի քան 190 թռչունի տեսակ. օրինակ՝ օձակեր արծիւներ, քարարծիւներ, բուէճներ, կիսասպիտակավիզ ճանճորսներ եւ այլն....: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այելել՝ Armenian Society for the Protection of Birds.

Նորավանք Թռչնաբանական Կարեւորագոյն Տարածք (IBA)