ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 41

Մոզրովի Քարանձաւ

Այս քարանձաւը իւրայատուկ է շթաքարերու եւ պտկաքարերու գեղեցկութեամբ: Կը գտնուի Եղեգնաձորի մօտակայքը. մուտքը՝ Մոզրով գիւղ տանող ճանապարհէն քիչ մը հեռու է: Քարանձաւը յայտնաբերած են շինարարները, 1970-ականներուն, ճանապարհ կառուցելու ընթացքին: Մուտքը վտանգաւորէ. 30 մ. թեքութենէն պէտք է ցած իջնել: Նախընտրելի է զբօսավարի օգնութեամբ բանալ քարանձաւի դուռը:

Այստեղ կան բազմաթիւ շթաքարեր եւ պտկաքարեր: Այս քարերը հազարաւոր տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած են, երբ ջուրը սկսած է հոսիլ կրաքարերու ճաքերէն դէպի ներս՝ փորագրելով ներկայ պատկերը:

Մոզրովի Քարանձաւ (Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)

Արջերու Եւ Մագելի Քարանձաւները

Վայոց Ձորը հարուստ է քարանձաւներով: Հայաստանի պետութիւնը կը ջանայ զարգացնել տարածքը՝ զբօսաշրջութեան կեդրոն դարձնելու միտումով: Անհնար է թուել բոլոր քարանձաւները: Վայոց Ձորի յայտնի քարանձաւներէն է Մագելի քարանձաւը, որուն մուտքը Նորավանք տանող ճանապարհէն է: Բնակեցուած է պղինձէ դարաշրջանին ( Ն.Ք. 4-3 հազարամեակ): Այստեղ կը բնակին չղջիկներու որոշ տեսակներ, որոնցմէ շատեր, իբրեւ վտանգուած կենդանատեսակներ ընդգրկուած են Հայաստանի Կարմիր Գիրքի, Բնութեան Պահպանութեան Միջազգային Միութեան վտանգուած կենդանատեսակներու Կարմիր Ցուցակի մէջ: Այս տարածքին մէջ յայտնի է նաեւ Արջերու Քարանձաւը, որ 3 ք.մ. խորութիւն ունի: Այս քարանձաւները այցելեցէք հմուտ զբօսավարներու ուղեկցութեամբ:

Բնական Տեսարժան Վայրեր

Այստեղ կան բազմաթիւ շթաքարեր եւ պտկաքարեր: Այս քարերը հազարաւոր տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած են, երբ ջուրը սկսած է հոսիլ կրաքարերու ճաքերէն դէպի ներս՝ փորագրելով ներկայ պատկերը: