ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 30

Սպիտակաւոր Ս. Աստուածածին Վանքը

1987-ին, Սպիտակաւոր վանք կը տեղափոխուի 20-րդ դարու պետական եւ ռազմական ականաւոր գործիչ՝ Գարեգին Նժդեհի աճիւնը: Գարեգին Նժդեհը հանդիսացած է հայկական հողերու պաշտպանը Պալքանեան առաջին պատերազմի, ինչպէս նաեւ 1-ին եւ 2-րդ համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին: Եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ: Իր ջանքերով, Սիւնիքը ազատուած է Օսմանեան Կայսրութենէն եւ ընդգրկուած է Խորհրդային

Սպիտակաւոր Ս. Աստուածածին Վանքը (Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)

Վանքը կառուցած է իշխան Էաչի Պռոշեանը եւ աւարտին հասցուցած է որդին՝ Ամիր Հասանը, 1321-ին, հօր մահէն երեք տարի ետք: Կառուցուած է ֆելսիթ քարով, որ հրաբխային նուրբ քար է՝ սպիտակ կամ բաց մոխրագոյն երանգով:

Եկեղեցին ներսէն խաչաձեւ է, դուրսէն՝ քառակուսի: Իւրայատուկ է իր քանդակներով, որոնք կը վերագրուին 13-րդ դարու ճարտարապետ,քանդակագործ եւ մանրանկարիչ՝ Մոմիկին: համապատասխանաբար կը ցուցադրուին Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժ եւ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի մէջ: Քանդակներէն մէկը կը պատկերէ Էաչի իշխանը, միւսը, Ամիր Հասանը՝ որսի ժամանակ:

Երկու քանդակներ համապատասխանաբար կը

ցուցադրուին Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժ եւ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի մէջ: Քանդակներէն մէկը կը պատկերէ Էաչի իշխանը, միւսը, Ամիր Հասանը՝ որսի ժամանակ:

1340-ականներուն, Գլաձորի համալսարանը փակուելէ ետք: Սպիտակաւորը կը դառնայ տարածքի կրթական եւ մշակութային կեդրոնը, ուր կը գործէ նաեւ գրչութեան դպրոցը: Այստեղ կը գրուին բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ:

Վանքի ամէնէն իւրայատուկ գտածոն արձանագրութիւն մըն է, ուր կը յիշուի, որ հայ մը հող գնած է հրեայ բնակիչէ: Միջին դարերուն, ընդհանրապէս, հրեաներուն արտօնուած չէր սեփականութիւն ունենալ: Արձանագրութիւնը, առաւել Եղեգիսի հրէական գերեզմանատունը, կրնան յուշել այն մասին, որ այդ ժամանակաշրջանին հրեաները ունեցած են որոշ ազատութիւններ:

Պատմական Տեսարժան Վայրեր

Ժամանակներու Միաձուլում

Կարդացէք Աւելին

Սպիտակաւոր Ս. Աստուածածին Վանքը

Լուսանկարը՝ Վլատիմիր Գրիգորեանի,AMAP Մարդկային Զարգացման Հկ