Սմբատաբերդը կը գտնուի Եղեգիս եւ Արտաբոյնք գիւղերու միջեւ, նեղ լեռնաշղթայի գագաթին: Ամրոցը, որ երկու միջնաբերդ ունի, կառուցուած է 9-11-րդ դարերուն: Թերեւս Սմբատաբերդը նոյն Symbace-ն է, որուն անդրադարձած է յոյն պատմիչ Սթրապօնը, ենթադրելով, որ ներկայ ամրոցի տեղ մէկ այլ կառոյց եղած է:
Ամրոցը անառիկ է. երեք կողմէ շրջապատուած զառիվայր բլուրներով եւ գետին յարակից կիրճերով: Միջնաբերդերը կառուցուած են ամրոցի պարիսպներու ներքին հատուածը, ուր նախատեսուած էին յատուկ տեղեր՝ զինուորներուն, արքայական ընտանիքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Նաեւ, ծառայած են որպէս զինանոց, ցորենի ամբար եւ արտադրութեան վայր:
Հնագիտական ուսումնասիրութիւնները փաստած են, որ այդ շրջանը հարուստ է ուշ պրոնզէ դարու եւ վաղ երկաթէ ժամանակաշրջանի ամրոցներով: Ամրոցաշինութիւնը վերելք կ՚ապրի Ն.Ք. 9-6-րդ դարերուն՝ Ուրարտական Թագաւորութեան ծաղկուն շրջանին: Յետագային, հայկական թագաւորութիւնները վերականգնած են հին ամրոցները եւ կառուցած են նորերը՝ բլուրներու ու լեռներու վրայ:
Սմբատաբերդը ջուր ստացած է մօտակայ Ցաղաց Քար վանքէն՝ գաղտնի խողովակով: Ըստ աւանդութեան, սէլճուք թուրքերը ծունկի բերած են ամրոցը՝ ստիպելով ծարաւ ձիուն, որ հետեւի խողովակին եւ գտնէ ամրոց տանող ուղին:
Սմբատաբերդ տանող ճանապարհը նեղ է եւ ձիգ: Գագաթ հասնելու լաւագոյն միջոցը քայլարշաւն է: Ամրոցը մասամբ վերակառուցուած է:
Սմբատաբերդ
Պատմական Տեսարժան Վայրեր