Օրբէլեաններու Իջեւանը (Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)
Մետաքսի Ճանապարհը միջնադարեան առեւտրային ուղի էր, որմէ օգտուեցան վաճառականները, առեւտրականները եւ հետախոյզները՝ Հայաստանէն անցնելու եւ իրենց ապրանքը վաճառելու նպատակով: Իջեւաններու մէջ կը մնային մետաքսի ճանապարհով անցնող յոգնած ճամբորդները՝ իրենց անասուններուն հետ:
Օրբէլեաններու Իջեւանը
Պատմական Տեսարժան Վայրեր
Օրբէլեաններու իջեւանը կառուցուած է 1326-1327 թուականներուն եւ ընդարձակուած՝ 1332-ին: Կազմուած է կեդրոնական ընդարձակ դահլիճէ եւ ունի կամարակապ երկու մոյթ: Պատկերացուցէք մարդոց եւ անասուններու միախառնուած տեսարանը, ձայները, այս երկար ու մութ դահլիճէն ներս...:
Իջեւանը քանդուած է 17-րդ դարուն: Վերականգնուած է խորհրդային շրջանին: Հայաստանի մէջ լաւ պահպանուած իջեւաններէն մէկն է։
Իջեւանի մուտքի պարսկական արձանագրութեան համաձայն, շինարարական աշխատանքները կատարուած են 1326-1327–ին: Դրան աջ կողմի հայկական արձանագրութիւնը կը վկայէ, որ Չեսար Օրբէլեան իշխանը եւ իր ընտանիքը կառուցած են այս իջեւանը (ամենայն հաւանականութեամբ՝ վերակառուցած) 1332-ին, Ապու Սայիտ Բ Խանի օրօք (խանութիւն, որ իշխած է մոնկոլական կայսրութեան հարաւ-արեւմուտքը): Հայ իշխանները եւ թագաւորները, յաճախ ստիպուած բանակցած են տարածքի միւս կայսրութիւններու հետ: Ի դէպ, այսպիսի արձանագրութիւնները ուժի գրաւական կը համարուին՝ իրենց իշխանութիւնը ոտնահարողներու ընդդէմ:
Ուշադրութիւն