Համալիրի Ս. Աստուածածին եկեղեցին երկյարկանի է: Արեւմտեան մուտքի ճակատային մասը ունի աստիճաններ. եզակի երեւոյթ մը, որմէ հազուադէպ կը հանդիպինք հայկական միջնադարեան միւս եկեղեցիներուն մէջ: Բարձրացէք աստիճաններէն եւ պտըտելով երկրորդ յարկի մէջ գտէք ռազմական ու պետական գործիչ, ազնուական Բուրթել իշխանի հետքերը: Եկեղեցին, իր սրբապատկերներով, ամենայն հաւանականութեամբ, անուանի ճարտարապետ եւ քանդակագործ Մոմիկի վերջին աշխատանքն է։ Ըստ երեւոյթին կուրացած է ճիշդ այն ժամանակ, երբ աւարտած է Ս.
Նորավանք Վանական Համալիր (3D)
Նորավանք Վանական Համալիր
Պատմական Տեսարժան Վայրեր
Աստուածածին եկեղեցւոյ շինարարաութիւնը(1339):
Մոմիկին կը վերագրուի նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից գաւիթի պատկերաքանդակները: Գաւիթի մուտքի լուսամուտի վերի մասի պատկերաքանդակը աննախադէպ է: Պատկերուած է Աստուած. աջ ձեռքի տակ խաչուած Քրիստոսի խաչելութեան տեսարանը, իսկ ձախ ձեռքին՝ Ադամի գլուխը: Եզակի է պատկերաքանդակը, որովհետեւ առաջին անգամ Աստուած պատկերուած է, ոչ թէ խորհրդանշականօրէն, այլ՝ մարդկային կերպարանքով:
Յիշեցում
Նորավանք այցելեցէք արեւածագէն առաջ. կատարեալ հաճոյք մը վայելելու համար։ Դուք կը նկատէք համալիրի կառոյցներու երանգներու փոփոխութիւնը. մոխրագոյն, կապտաւուն կանաչ գոյնի վերածուիլը՝ ոսկեայ եւ վարդագոյն երանգներու , ապա անոնց արտացոլումը՝ քարերու վրայ, արեւի շողերու տակ: Կը տեսնէք նաեւ պեզօրեան այծերու ոստոստումը՝ գետէն մինչեւ լերան գագաթը: Եթէ բախտաւորներու շարքին էք, թերեւս տեսնէք նաեւ պեզօրեան այծերու վազքը՝ Նորավանքի ժայռերուն վրայ: