ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 31

Վայոց Ձորի մէջ Ֆելսիթի մի քանի հանք կայ: Ֆելսիթը տարբեր նիւթերու խառնուրդ է եւ կը պարունակէ հրաբխային մոխիր: Քարի որակը, գոյնը եւ ձեւը կախուած է բաղադրիչներու խառնուրդէն: Ըստ տեղացիներու, ֆելսիթը գտնուելով հողաշերտի վերի մասը, զերծ կը մնայ ցած մակարդակներու մէջ կուտակուող անձրեւաջուրի նստուածքի հետ շփումէ եւ այս պատճառով ալ գունաւորումը կը ստանայ բաց գոյն: Ֆելսիթ քարով կառուցուած է Արենիի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Սպիտակաւորը, Ս. Աստուածածին վանքը, Նորավանքի համալիրը: Նորագոյն շրջանի շէնքերու կառուցման համար եւս կ՚օգտագործուի ֆելսիթ: Թէեւ խաչքարերու մեծ մասը պազալթէ կամ կարմիր տուֆէ կառուցուած է, սակայն Վայոց Ձորի մէջ կան նաեւ ֆելսիթէ հոյակապ նմոյշներ: Ֆելսիթը աւելի յարմար է բարդ զարդանախշեր փորագրելու համար: Քարի ամրութիւնը թոյլ կու տայ փորագրել փոքր զարդանախշեր. դժուարութեամբ կ՚ենթարկուի փորագրութեան եւ հետեւաբար՝ կը նուազեցնէ սխալելու հաւանականութիւնը: Քարի հարթ մակերեսի շնորհիւ՝ նախշերը աւելի ակներեւ կը դառնան: Ֆելսիթը թանկարժէք է. երկու մեթր բարձրութիւն ունեցող քարը մօտաւորապէս 100 ԱՄՆ տոլար է: Սակայն, երբեմն հանքերէն դուրս կը բերեն փոքր քարեր եւ արժէքը աւելի մատչելի կը դառնայ:

Կարդալ ավելին

Պատմական Տեսարժան Վայրեր

Ազգագրութիւն՝ Ֆելսիթ