13-րդ Դարու Միջնադարեան Կամուրջը
Միջնադարեան այս կամուրջը կ՚անցնի Արփա գետի վրայէն: Կը գտնուի հիւսիս-հարաւ մայրուղիի հարաւային հատուածը՝ Ագարակաձոր գիւղի շրջակայքը: Կամուրջի մասին տեղեկութիւնները քիչ են: Ըստ աւանդութեան, կառուցած է Պռոշեան իշխաններէն մէկը, որուն պալատը կը գտնուէր գետի եզերքը: Այժմ, այդ կամուրջէն կ՚անցնին հովիւները՝ իրենց հօտերուն հետ: Կամուրջը կրնաք նկատել, մօտակայ խճուղիէն անցնելու ընթացքին։
Տեղւոյն բնակիչներու օգնութեամբ, բարձրացէք կամուրջի ամենաբարձր կէտը, որ կառուցուած է սլաքաձեւ կամարի պէս եւ վայելեցէք հմայիչ բնապատկերները:
Պատմական Տեսարժան Վայրեր