Եբրայերէն Արձանագրութիւններով Տապանաքարեր
Լուսանկարները՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Եղեգիսի Հրէական Գերեզմանատունը
Հայաստանը առաջին երկիրն է որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն: Սակայն, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են կրօնական բազմազան խմբաւորումներ: Միջին դարերուն, Մետաքսի Ճանապարհով, Վայոց Ձոր հասած են տարբեր մշակոյթի եւ հաւատքի տէր մարդիկ:
Հրէական գերեզմանատան մէջ գտնուող, 1266-1337 թուականներու վերագրուած տապանաքարերը կը պատկանին Եղեգիս բնակուած հրէական գաղութին: Դժբախտաբար, հրէական եւ այլ գաղութներու մասին վկայութիւնները սակաւաթիւ են:
Տապանաքարերու վրայ կան եբրայերէն արձանագրութիւններ, ինչպէս նաեւ, աստոածաշնչեան եւ թալմուդեան տողեր: Նշուած անձնանունները մեծ տարածում ունեցած են Իրանի հրէական շրջանի մէջ. հոսկէ կ՚ենթադրենք, որ Եղեգիսի գաղութը իրանական ծագում ունեցած է:
Եբրայերէն Արձանագրութիւններով Տապանաքարեր
Լուսանկարները՝ Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Պատմական Տեսարժան Վայրեր