ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 23

Պեզօրեան այծ՝պատկերաքանդակի աջ կողմը:

Լուսանկարը՝ Վլատիմիր Գրիգորեանի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Գնդեվանք

(Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)

Գնդեվանք

Յայտնաբերուած պրոնզէ եւ երկաթեայ հնագիտական գտածոները կը վկայեն, որ Գնդեվանքը բնակեցուած է դարեր շարունակ: Գնդեվանքը կը ծաղկի 10-րդ դարուն, երբ Սիւնեաց իշխանուհի Սոֆիան կը հովանաւորէ վանական համալիրի կառուցումը (931-936): Գնդեվանքի տնտեսական անկախութիւնը ապահովելու միտումով, վանքին կ՚ընծայէ Գնդեվազ եւ Առչար գիւղերը: Վանքի կառուցումը կ՚ամբողջանայ 1008-ին, երբ կը կառուցուի 22 ք.մ. ջրանցք մը՝ ջուրի մատակարարումը մօտակայ գետէն ապահովելու միտումով:

Այստեղ կառուցուած են յայտնի այլ եկեղեցիներ եւ վանական համալիրներ, ինչպէս՝ Նորավանքը եւ Գլաձորը: Մօտաւորապէս 400 տարի, Գնդեվանքը եղած է կրօնական կարեւոր կեդրոն: Վանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատի արձանագրութեան մէջ նշուած է.

եղած է կրօնական կարեւոր կեդրոն: Վանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատի արձանագրութեան մէջ նշուած է.

«Մատանի էր անակն Վայոց ձոր, շինեցի [իշխանուհի Սոֆիա] զսա եւ եդի ակն ի վերայ»:

Պատերը զարդարուած են Յիսուսի, առաքեալներու եւ սուրբերու պատկերներով, որոնք դարերու ընթաքին խամրած են: Սակայն, արեւելեան խորանի զոհասեղանի վերեւը գտնուող Յիսուսի պատկերը մասամբ պահպանուած է:

12-րդ դարուն, վանքը զոհ գացած է մոնկոլներու յարձակումին եւ կողոպուտին, իսկ 17-րդ դարուն լքուած է՝ դէպի Պարսկաստան հայերու գաղթի պատճառով: Բայց, հակառակ բոլոր արհաւիրքներուն, վանքը վերակառուցուած է 17-րդ դարու վերջաւորութեան: Համալիրի շուրջ կառուցուած են սենեակներ, գինիի մառան, խոհանոց եւ դահլիճ: 1931-ին եկեղեցին վնասուած է երկրաշարժի պատճառով եւ կրկին վերանորոգուած է 1965-1970-ականներուն:

մատակարարումը մօտակայ գետէն ապահովելու միտումով:

Այստեղ կառուցուած են յայտնի այլ եկեղեցիներ եւ վանական համալիրներ, ինչպէս՝ Նորավանքը եւ Գլաձորը: Մօտաւորապէս 400 տարի, Գնդեվանքը եղած է կրօնական կարեւոր կեդրոն: Վանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ պատի արձանագրութեան մէջ նշուած է.

Պատմական Տեսարժան Վայրեր