ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 22

Ուլգիւրի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

11-14-րդ դարերուն պատկանող Ուլգիւրի Ս. Աստուածածին փոքրիկ եկեղեցին ունի ուղղանկիւն յատակագիծ: Եկեղեցւոյ մօտ կը տեսնենք երկու վիշապաքարեր։ Վիշապաքարերու վրայ պաատկերուած են թռչնակերպ արարածներ եւ առեղծուածային վիշապ: Վիշապաքարեր սովորաբար կը տեղադրուէին աղբիւրներու մօտ: Վերոյիշեալ վիշապաքարերը, 1001 եւ 1199 թուականներուն խաչքարերու վերածուած են:

Ճարտարապետ, քանդակագործ եւ մանրանկարիչ Մոմիկը ծնած է Ուլգիւր: Անոր ծնողները, եղբայրը, կինը եւ երկու զաւակները թաղուած են եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ: Այս տապանաքարերու եւ այլ հնագիտական վայրերու մէջ յայտնաբերուած արձանագրութիւններու շնորհիւ կարելի եղած է վերակազմել Մոմիկի տոհմածառը:

Տապանաքարեր, Ուլգիւր

Լուսանկարը՝ Ռիգ Նէյի, AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Խաչքարեր Ուլգիւր

Լուսանկարը՝ Ռիգ Նէյի, AMAP Մարդկային զարգացման ՀԿ

Ս. Աստուածածինը եւ յարակից խաչքարերը:

Լուսանկարը՝ AMAP Մարդկային Զարգացման ՀԿ

Պատմական Տեսարժան Վայրեր