Արենիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
Լերան բարձունքին կառուցուած Արենիի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն կ՚երեւի Արփա գետի ձախ ափը: Արեւմտեան մուտքի արձանագրութիւնը կը վկայէ, որ եկեղեցին կառուցած է ճարտարապետ, քանդակագործ եւ մանրանկարիչ Մոմիկը, արքեպիսկոպոս Յովհաննէս Օրբէլեանի յանձնարարութեամբ՝ 1321-ին: Մեծ ճանաչում ունէր ճարտարապետ Մոմիկը։ Իր կառուցած տարբեր եկեղեցիներէն կրնանք յիշել Նորավանքի վանական համալիրը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցին կեդրոնագմբէթ է՝ ուղղանկիւն յատակագիծով: Եզակի օրինակ է Հայաստանի մէջ, իր նեղ եւ սլացիկ կառուցուածքով: Եկեղեցւոյ բարձրութիւնն ու համաչափութիւնը կը ստիպեն, որ մեր հայեացքը դէպի երկինք խոյանայ:Եկեղեցւոյ արեւմտեան մուտքի քանդակը, Մանուկ Յիսուսը՝ Տիրամօր գիրկին, առաւել, չորս աւետարանիչները խորհրդանշող փորագրութիւնները՝ առագաստներու վրայ, կը յիշեցնեն Մոմիկի քանդակները՝ Նորավանքի մէջ: Մոմիկը ճարտարապետութեամբ եւ քանդակագործութեամբ սկսած է զբաղիլ յատկապէս, երբ տկարացած է տեսողութիւնը եւ չէ կրցած զբաղիլ մանրանկարչութեամբ:
Լեռնային աշխարհը, Ս. Աստուածածինի շուրջ:
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian /USAID
Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)
քանդակագործութեամբ սկսած է զբաղիլ յատկապէս, երբ տկարացած է տեսողութիւնը եւ չէ կրցած զբաղիլ մանրանկարչութեամբ:
Եկեղեցւոյ գմբէթը քանդուած է 1840-ին, երկրաշարժի պատճառով եւ վերակառուցուած է 1967-1972 , ապա՝ 1998 թուականներուն:
Պատմական Տեսարժան Վայրեր