ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#4: Վայոց Ձոր | Page 20

Արկազի Վանքը

(Համայնապատկերը՝ 360° Stories-էն)

Արկազի Վանք (Սուրբ Խաչ Եկեղեցի)

Կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական յայտնի գործիչ Ստեփանոս Օրբէլեանը իր գրութիւններուն մէջ կը յիշատակէ, որ Արտազի վանքը կը պատկանի 8-րդ դարուն: Վանքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ թաղուած վաղ միջնադարեան թագուհիի մը շիրիմին մէջ կը գտնուի Յիսուսի խաչելութեան փայտէն մասունք մը: Այստեղ բնակուողները կը հաստատեն, որ 2011-ին, եկեղեցւոյ վերականգման ընթացքին, Յիսուսի դէմքը շիրիմին վրայ կը յայտնուի: Այս իրադարձութենէն ետք, այդտեղ, Յիսուսի պատկերով գորգ մը կը տեղադրուի:

Պատմական Տեսարժան Վայրեր

Եկեղեցին առաջին անգամ վերանորոգուած է 1871-ին, ապա՝ 2010-2011 թուականներուն: Վերջին վերանորոգումները կատարուած են մոսկուաբնակ համագիւղացիներէն մէկուն հովանաւորութեամբ: Արտագաղթողներէն շատեր, նուիրատուութիւններ կը կատարեն եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն, իրենց արմատները պահպանելու համար: Եկեղեցւոյ կողքին, արդէն կը գտնուի ամբողջովին վերակառուցուած վանքը: Եկեղեցւոյ աջ կողմի կառոյցի արտաքին պատին ագուցուած են վաղմիջնադարեան խաչքարեր:

Օրբէլեաններ

Օրբէլեաններու իշխանական տոհմը հաստատուած է 1211-ին, երբ հայկական-վրացական բանակը Սիւնիքը ազատագրած է թշնամիներէն (ներկայ Սիւնիքը կը գտնուի Վայոց Ձոր մարզի հարաւը, իսկ պատմական Սիւնիքը կ՚ընդգրկէր տարածքներ Վայոց Ձորէն եւ միւս մարզերէն): Օրբէլեաններու շրջանին, Սիւնիքի մէջ ծաղկած է կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ճարտարապետութիւնը: Օրբէլեան իշխանները սերտ կապեր ունէին Սիւնիքի թեմի հետ, որ ազդու հայրապետական աթոռներէն մէկն էր: Օրբէլեան իշխանական տոհմը իր զօրութիւնը կորսնցուցած է 15-րդ դարու առաջին կիսուն եւ երբեք չէ վերականգնած իր երբեմնի հեղինակութիւնը:

Սիւնիքի պատմութիւնը գրած է աստուածաբան, պատմաբան, բանաստեղծ, արքեպիսկոպոս եւ Սիւնիքի թեմի առաջնորդ (1286-1303) Ստեփանոս Օրբէլեանը։