Հնութիւններ Եւ Հնագիտական Խրամատներ, Արենի -1 Քարանձաւային Համալիրի Մէջ
լուսանկարը Սթեֆանի Մուրի, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Արենի-1 Քարանձաւային Համալիր
Հնագէտները յայտնաբերեցին Արենի-1 քարանձաւը 2004-ին։ Զայն սկսած էին պեղել 2000-ականներու վերջերը։ Քարանձաւի մէջ յայտնաբերած են աշխարհի ամենահին կօշիկը (5000 տարեկան) եւ ամենահին գինեգործարանը։ Քարանձաւի խաղողի խմորման տակառները, հնձանը եւ խեցամաններու սերմերը յայտնաբերելէ ու հետազօտելէ ետք պարզ դարձաւ, որ մարդիկ այնտեղ գինի արտադրած են աւելի քան 6000 տարի առաջ։
Պատմական Տեսարժան Վայրեր
Հարաւային Կովկասի մէջ մարդիկ բնակած են Ն.Ք. 4-րդ հազարամեակէն մինչեւ Ք.Ե. 3-րդ հազարամեակ։ Քարանձաւի մէջ յայտնաբերուած են մարդկային բնակութեան հետքեր եւ Կուր-Արաքսեան հնագիտական մշակոյթին պատկանող խեցեղէն։ Մասամբ բացուած հնագիտական խրամատները կը բացայայտեն յաջորդող տարիներու քաղաքակրթութիւնը։ Գտածոներու շերտագրական խոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ տարածքի կարեւորութիւնը՝ հազարամեակներու ընթացքին։
Ծանօթագրութիւն
Այս տարածքի այցելութիւնը թոյլատրելի չէ, նկատի ունենալով հնագիտական աշխատանքները եւ քարանձաւի փխրուն էութիւնը։ Սակայն, ԱՄՆ-ի դեսպաններու Մշակութային Արժէքներու Պահպանութեան հիմնադրամը, որ կը ղեկավարուի ԱՄՆ-ի Պետքարտուղարութեան Կրթական Եւ Մշակութային Գործերու Բաժինի կողմէ, օգնած է, որ կառուցուի հարթակ մը, որպէսզի մարդիկ քարանձաւը այցելելու առիթը ունենան՝ տարածքին վտանգ չսպառնալով։ Ծրագիր կայ նաեւ քարանձաւը ներկայացնել թուայնացած եւ եռաչափ ( 3D) ձեւաչափով, որպէսզի մարդիկ քարանձաւը երեւութապէս տեսնելու առիթն ունենան: