Խաչքարային Յօրինումներ
Խաչքարերը ընդհանրապէս եռաստիճան յօրինուածք կ՚ունենան։ Խաչքարի կեդրոնը տեղակայուած կ՚ըլլայ խաչը, վերի մասը՝ նախշազարդ քիւը, իսկ վարի մասը զարդարուած կ՚ըլլայ վարդանախշերով։ Կարգ մը խաչքարագործ վարպետներ կը կարծեն, որ վարդանախշը խաչքարի հիմնական տարրն է «Երկիր, որուն շուրջ կը պտըտի խաչքարը»։ Երեք մակարդակները յաճախ կը համարուին «Ս. Երրորդութիւն». քիւը՝ երկինքն է, խաչը՝ մարդկութեան խորհրդանիշը, իսկ վարդանախշը՝ երկիրը։ Սովորաբար, խաչքարերը կը տեղադրուին պատուանդանի վրայ։ Վայոց Ձորի մէջ, խաչքարին եւ պատուանդանին համար կ՚օգտագործեն պազալթը։ Իւրաքանչիւր խաչքար իր իւրայատուկ եւ եզակի յօրինուածքը ունի։ Երբեք չես կրնար գտնել իրարու նմանող երկու խաչքար։ Վարպետները, խաչքար քանդակելու ժամանակ, իրենց ստեղծագործական միտքին զուգահեռ, կ՚ոգեշնչուին տարբեր աղբիւրներէ՝ հնագոյն խաչքարերէ, միջնադարեան ձեռագիր մատեաններէ եւ այլն...։
Խաչքարագործութիւն
Խաչգարագործութեամբ զբաղուողները իրենց հիմնական կրթութիւնը կը ստանան արուեստի դպրոցներու մէջ եւ կամ փորձառու վարպետներու մօտ աշխատելով։ Ընդհանրապէս խաչքար քանդակելու աշխատանքը կը կատարուի տաք ամիսներուն, որովհետեւ խաչքարերը պէտք է փորագրուին բաց երկինքի տակ։
Զարմանալի է, թէ ինչպէս վարպետները կը ստեղծեն ճշգրիտ եւ մանրակրկիտ զարդանախշեր. նոյնիսկ մէկ սխալը կրնայ վտանգել ամբողջ խաչքարը։ Աշխատանքը կը սկսի յօրինուածքին պատկերացումը թուղթին յանձնելով։ Բայց, փորագրելու ընթացքին կրնան խնդիրներ յառաջանալ եւ այդ իսկ պատճառով զարդանախշերը փոփոխութեան կ՚ենթարկուին։ Զարդանմոյշները մշակելու համար, վարպետները կ՚օգտագործեն դուր, մուրճ, երբեմն՝ ասեղներու խուրձ։ Կարգ մը վարպետներ, ստուգելու համար զարդանախշերու խորութեան չափն ու միահարթութիւնը, փորագրելու ընթացքին, մոմի միջոցով կը ստուգեն ակօսներէն դուրս եկած ստուերներու չափը։ Եթէ միահարթ է, ապա՝ աշխատանքը լաւ վիճակի մէջ է։
Խաչքար քանդակողը՝ աշխատանքի ընթացքին։
Լուսանկարը՝ Արա եւ Սօսի Մածունեաններու, «Իմ Հայաստան» Ծրագիր, Smithsonian Հաստատութիւն / USAID
Կարդացէք Աւելին
Պատմական Տեսարժան Վայրեր
Խաչքարը քարէ սալ է, որուն վրայ խաչ փորագրուած է։ Խաչի շուրջ բուսական եւ երկրաչափական զարդանախշեր կ՚ըլլան.
յաճախ կը պատկերուին նաեւ կենդանական եւ մարդկային կերպարներ։
Կարդացէք Աւելին
Ազգագրութիւն՝ Խաչքարի Պատմութիւնը