Արշակ Գարակէօզեան (1942-1953)
Ալեք Մանուկեան (1953-1989)
Ծնած է 1901-ին, Քասապայի մէջ (Զմիւռնիոյ մօտ) եւ մեռած Տիթրոյթի մէջ, 1996-ին: Ան ՀԲԸՄ-ի հինգերորդ նախագահն է (1953-1989): Ալեք Մանուկեանը Պրիճփորթ (Քնեքթիքաթ, ԱՄՆ) գաղթած է 1920-ին: 1924-ին կ՚երթայ Միշիկըն (Տիթրոյթ): 1929-ին կը հիմնէ MASCO Screw products Company ընկերութիւնը: 1954-ին կը գտնէ հեղինակային իրաւունքները միակափոյր խառնիչ ծորակի մը, որուն մտայղացումը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ, ապա կը թողարկէ ամերիկեան շուկայ: Առեւտրական բացառիկ յաջողութիւն մը կ՚արձանագրուի, որուն շնորհիւ իր ընկերութիւնը կը վերածուի արդիւնաբերական հզօր հսկայի մը: Այսօր այդ հաստատութիւնը, իր Ռիչըրտ որդիին ղեկավարութեամբ, կը տնօրինէ երեսունէ աւելի ընկերութիւններ: ...
Ծնած է Պոլիս, 1872-ին եւ մեռած` Նիւ Եորք, 1963-ին: Ռոպերթ Քոլեճի շրջանաւարտ է: Ան կանուխէն գաղթած է ԱՄՆ, ուր հարստացած է: Երկար տարիներ ՀԲԸՄ-ի ԱՄՆ-ի Շրջանակային Վարչութեան նախագահը ըլլալէ ետք, 1942-ի Հոկտեմբերին ընտրուած է Միութեան չորրորդ նախագահ եւ այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1953:
Անշուշտ իր ընտրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր: Յիշենք, որ 1920-1930-ական թուականներուն Միութեան ԱՄՆ-ի վարչութիւնները ՀԲԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելեան մարդասիրական ծրագիրներուն համար գլխաւոր նուիրատուներն էին եւ որ Գարակէօզեան ընտանիքը ի՛նքը 1921-ին հիմնած էր Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութիւնը ...
ՀԲԸՄ-ի Նախագահներ 1906-2006