Լուիզ Մանուկեան Սիմոն (1989-2002)
Պերճ Սեդրակեան
(2002-էն ի վեր)
Ծնած է Պէյրութ, 1949-ին: Պերճ Սեդրակեանը ՀԲԸՄ-ի եօթներորդ նախագահ ընտրուեցաւ 22 Փետրուար 2002-ին: Երիտասարդ տարիքէն եղած է ՀԲԸՄ-ի գործունեայ անդամ նախ Լիբանանի, ապա ԱՄՆ-ի մէջ: 1976-էն ի վեր կ՚ապրի Նիւ Եորք:
Ֆրանսական համալսարաններէ շրջանաւարտ, մասնագիտութեամբ իրաւաբան` Սեդրակեանը Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած է 1977-ին եւ 1992-էն ետք եղած է Միութեան փոխ-նախագահը: Իր երկու նախորդներուն սերտ գործակիցը եղած է, եւ հետեւաբար տարիներու ընթացքին մօտէն ուսումնասիրած է Միութեան գործունէութեան ներքին ծալքերը, յատկապէս չորս ցամաքամասերուն վրայ սփռուած մասնաճիւղերուն իր կանոնաւոր այցերուն ընթացքին:
Ծնած է Տիթրոյթ, 1933-ին: Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը յաջորդեց իր հօրը եւ դարձաւ ՀԲԸՄ-ի վեցերորդ նախագահը 1989-ի Սեպտեմբերին: Մինչ այդ ան երկար տարիներ յանձնառու աշխատանք կատարած էր Տիթրոյթի քաղաքապետութեան քաղաքացիական գործունէութեան մարզին մէջ: Ան երեք զաւակներու մայր է: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ 1982-ին:
Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի հետ կը բացուի Միութեան սփիւռքի մէջ ծնած եւ դաստիարակուած նախագահներու շրջանը: Այս փոփոխութիւնը յատուկ յիշատակման արժանի է, որովհետեւ ան կը նշէ աշխատանքի նոր ոճ մը` հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ նուազ մխրճուած, եւ արդիւնաւէտութեան ակնկալիքի տեսակէտէն աւելի գործնապաշտ:...
ՀԲԸՄ-ի Նախագահներ 1906-2006