ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 82

Զարեհ Նուպար (1932-1940)

Պօղոս Քոլոլեան (1940-1942)

Ծնած է Պոլիս, 1870-ին եւ մեռած է Փարիզ, 1955-ին: Բժ. Պօղոս Քոլոլեանը կարելի է համարել ՀԲԸՄ-ի չորրորդ նախագահը, հակառակ անոր որ իր նշանակումը արտակարգ պայմաններու մէջ տեղի ունեցած է:1888-ին բժշկութիւն ուսանելու նպատակով Փարիզ ժամանած Քոլոլեանը յետագային դարձած էր հռչակաւոր նեարդաբան եւ հոգեբուժ: Ան Փօլ Կարնիէի հետ համահեղինակն է հոգեկան հիւանդութիւններու վերաբերող ձեռնարկի մը, որ երկար ատեն վերջին խօսք ըսող երկ համարուած է այդ մարզէն ներս: Փարիզի Հայկական Բժշկական Միութեան հիմնադիրն էր եւ էական դեր խաղցած է ստեղծման մէջ հայկական Կարմիր Խաչի- որուն նախագահն էր- բազմաթիւ դարմանատուներուն, ուր կը բուժուէին Ֆրանսա հաստատուած գաղթականները: ...

կարդալ աւելին

Ծնած է Եգիպտոս, 1883-ին, եւ մեռած է Ժընեւ, 1963-ին: Պօղոս Նուպարի միջնեկ որդին է: Ան 1933-ին ընտրուեցաւ ՀԲԸՄ-ի երրորդ նախագահ եւ այս պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ ՀԲԸՄ-ի ինչքի Նիւ Եորք փոխադրութիւնը` 1940-ին:

Գալուստ Կիւլպէնկեանի հրաժարումէն ետք, Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան առջեւ լրջօրէն դրուեցաւ իր յաջորդի ընտրութեան հարցը: Կիւլպէնկեանին պէս հմայք ունեցող մարդուն յաջորդելը դիւրին բան չէր: Միւս կողմէ, տակաւին գործող հիմնադիր անդամները շատ ծեր էին: Այս պայմաններուն մէջ հրամայական կը դառնար դիմելը Միութեան հիմնադիրի որդիներէն մէկուն: Զարեհ Նուպարը որոշ չափով մնացած էր իր հօր եւ մեծ հօր շուքին. անոնք տպաւորիչ դէմքեր էին: ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի Նախագահներ 1906-2006