Արեւմտեան Եւրոպայի Վարչութիւնները
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայկական գաղութները հազիւ մի քանի հազար հայերէ բաղկացած էին. անոնց մեծ մասը առեւտրականներ էին, ուսանողներ, կային մի քանի քաղաքական ապաստանեալներ, ինչպէս նաեւ Վիեննա եւ Վենետիկ հաստատուած Մխիթարեան միաբանութեան զոյգ ճիւղերը: Այս ժամանակ, սակայն, ստեղծուած էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի մի քանի մասնաճիւղեր: 1920-ականներու սկիզբը Միութեան Կեդրոնի Փարիզ փոխադրութիւնը, ինչպէս նաեւ 1922-էն 1925-ի միջեւ շուրջ վաթսուն հազար հայերու զանգուածային ժամանումը Ֆրանսա, յանկարծ Միութենէն ներս գերակայ դեր ապահովեցին Ֆրանսային:
ՀԲԸՄ-ի անդամներ Մարսիլիոյ մէջ 1920-ականներուն: Նշելի են յատկապէս Մինաս Չերազը եւ Արշակ Չօպանեանը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
ՀԲԸՄ-ի անդամները Լիոնի մէջ, 1932-ին (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Մարսիլիա, Սեպտեմբեր 1910, Յակոբ Սէլեան
Փարիզ, Դեկտեմբեր 1911, Սերովբէ Սվաճեան
Նիս, Ապրիլ 1926, Էլիզապէթ Նահապետ
Սէն-Շամօն, Մայիս 1927, Սարգիս Քէպապեան
Լիոն, Մայիս 1928, Ստեփան Չաքմաքճեան
ՀԲԸՄ-ի Վարչութեան անդամները Փարիզի մէջ 1950-ին (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը