Մոնթէվիտէօի Ալեք Մանուկեան վարժարանի բացումը, Հոկտեմբեր 1984-ին, ներկայութեամբ Վազգէն Ա կաթողիկոսի (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Ուրուկուայի Վարչութիւն
Ուրուկուայի հայ համայնքի պատմութիւնը ձուլուած է Արժանթինի եւ յատկապէս Պուէնոս Այրեսի համայնքի պատմութեան: Միութեան առաջին մասնաճիւղը հոն հիմնուած է 1924-ին, Մոնթեւիտէոյի մէջ, առաջին նախագահ Յարութիւն Չիլինկիրեանի կողմէ: ...
Պրազիլիոյ Վարչութիւն
Պրազիլիոյ հայ ամենէն կարեւոր համայնքի ծոցը, Սան Փաօլոյի մէջ ՀԲԸՄ-ը մասնաճիւղ մը ստեղծեց 1931-ին: Յետագային ան հիմնեց նաեւ խոշոր մարզամշակութային կեդրոն մը` շնորհիւ Ալեք Մանուկեանի նուիրատուութեան, եւ 1980-ականներուն, նաեւ Փառէն եւ Ռեկինա Պազարեան դպրոցը:
Պրազիլիոյ Վարչութեան այժմու նախագահը Քարլոս Տէր Յարութիւննեանն է:
Աւստրալիոյ Վարչութիւն
Աւստրալիոյ հայ համայնքը ամենէն նոր հայ գաղթօճախներէն է: Կազմուած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, գլխաւորաբար Թուրքիայէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն եկած գաղթականներով: Անոնք 1960-ականներու վերջերէն սկսեալ գլխաւորաբար կեդրոնացած են Սիտնի եւ Մելպուռն: Շուտով Սիտնին աւելի բազմանդամ դարձաւ: ...
Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը