ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 76

Գանատայի մասնաճիւղերը

Թէեւ ՀԲԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղը Գանատայի մէջ հիմնուած է 1925-ի Օգոստոսին, Թորոնթոյի մէջ, Լեւոն Պապայեանի նախագահութեամբ, բայց այս փաստը չի ժխտեր այն իրողութիւնը, որ այս երկիրի դռները երկար ատեն փակ մնացին հայ գաղթականներուն դիմաց, նշելի բացառութեամբ 1900-էն 1915-ի միջեւ Գանատա հաստատուած հազար ութ հարիւր անձերուն:27 1919-էն 1930-ի միջեւ հազիւ հազար երկու հարիւր յիսուն հոգի մուտք գործած է Գանատա` ցեղական խտրականութեան պատճառով. հայերը կը համարուէին «ասիացի», «անցանկալի» եւ «չձուլուող»:28 Գանատա հաստատուողներուն մէջ էին նշանաւոր «Ճորճթաուն պոյզը» (Ճորճթաունի տղաքը)` 1923-ին գանատական ...

կարդալ աւելին

Արժանթինի Եւ Հարաւային Ամերիկայի Վարչութիւն

Արժանթինի հայ համայնքը հին է, կազմուած է նախքան Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, ինչի խօսուն վկայութիւնն է 1911-ի Մայիսին Միութեան առաջին մասնաճիւղի հիմնումը Պուէնոս Այրեսի մէջ` նախագահութեամբ Յ. Յակոբեանի: Անոր հետեւեցաւ ստեղծումը, 1918-ի Մայիսին, Քորտորպայի մասնաճիւղին` ղեկավարութեամբ Ղուկաս Գալուստեանի: Հայ գաղթականներու զանգուածային ներհոսք տեղի ունեցաւ 1920-ականներու ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի անդամներ, 1929-ին (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):

Գանատա գաղթող հայեր (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):

«Georgetown Boy’s», 1923-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Նիւ Եորք):

Միութեան Մասնաճիւղերը. Այլասիրական Առօրեայ Գործունէութեան Մը Պատմութիւնը