2002-ի Մայիսին Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը որոշեց զիջիլ յառաջապահի դիրքը եւ հրաժարիլ Միութեան նախագահի պաշտօնէն: Իրաւաբան Պերճ Սեդրակեանը, որ Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր քարտուղարն էր աւելի քան քսան տարիէ ի վերեւ փոխ-նախագահ, 2007 Մայիս 22-ին ընտրուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ութերորդ նախագահ: Շարունակական գործունէութեան մէջ տեղի ունեցող յաջորդում մըն է այս, որ, մարդկային բոլոր ձեռնարկներուն պէս, կը պահանջէ վերարժեւորում Միութեան ընելիքներուն եւ հետապնդելիք առաջնահերթութիւններուն:
Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, Միութիւնը ջանք չէ խնայած քայլ պահելու համար հայոց աշխարհի ապրած խորունկ փոփոխութիւններուն հետ. Հայաստանի անկախութիւն, Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու դերի նուազում, սփիւռքեան ուժականութեան փոխադրում արեւմտեան կարգ մը երկիրներ, նախկին խորհրդային պլոքի որոշ երկիրներու հայ համայնքներու վերաշխուժացում, ...
Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Կարիքներուն Միջեւ Հաւասարակշիռ Գործունէութիւն. Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրը
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հանդիպումը՝ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովին առիթով, Երեւան, Հոկտեմբեր 2004 (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովի բացումը՝ ներկայութեամբ Գարգին Բ. Վեհափառին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Հոկտեմբեր 2004-ին (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն այցը Էջմիածին, Հոկտեմբեր 2004 (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովը Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 2004-ին (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
Աշխատանքային նիստ՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն՝ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ անոր աշխատակիցներուն հետ, ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովին առիթով, Հոկտեմբեր 2004 (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):