Ասկէ զատ, Միութիւնը պարտաւոր է պահպանելու եւ զարգացնելու այն համայնքային կառոյցներու ցանցը, զոր համբերատար աշխատանքով ստեղծած է քսաներորդ դարուն ընթացքին, այսինքն` կրթական հաստատութիւնները (առ այսօր տասնեօթ դպրոց` շուրջ վեց հազար աշակերտով), մարզական ակումբները, մշակութային գործունէութիւնը, որ անհրաժեշտ է որոշ երկիրներու մէջ:
Ճիշդ է որ Մերձաւոր Արեւելքը եղած է իւրայատուկ միջավայր` այս տիպի հաստատութիւններուն, բայց 1970-ականներէն ի վեր Միութեան համայնքային ցանցը տարածուած է Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր նոր կարիքներ` յաճախ գաղթի ալիքներու արդիւնք, երեւան եկած են: Փորձը ցոյց կու տայ, սակայն, որ այս համայնքային հաստատութիւնները` յաճախ ներշնչուած կամ ընդօրինակուած Մերձաւոր Արեւելեան նախատիպերէն, միշտ չեն յարմարիր Արեւմտեան աշխարհի իրականութեան: Այս միջավայրին մէջ, յիշուած հաստատութիւնները ի վիճակի չեն առանձին հասնելու ինքնութիւններու նորայայտ պահանջներուն: ...
Միութեան ամառնային կեդրոնի՝ «Քէմփ Նուպար»ի տեսքը՝ վերէն դիտւած (կեդրոնը Նիւ Եորքէն մի քանի ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի) (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
ՀԲԸՄ-ի ամառնային կեդրոն «Քէմփ Նուպար»ը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Նիւ Եորքի մէջ ամէն տարի կազմակերպուող Summer Internship Program-ի մասնակիցները (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Պերճ Սեդրակեան. ՀԲԸՄ-ը Պահպանեց Հաւասարակշիռ Գործունէութիւն Սփիւռքի Եւ Հայրենիքի Միջեւ (Տեսաերիզ)
Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Կարիքներուն Միջեւ Հաւասարակշիռ Գործունէութիւն. Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրը