ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 63

Այս նոյն ոգիով առաջնորդուեցաւ Միութիւնը, երբ որոշեց, 1996-ին, նորոգել1988-ի երկրաշարժին ծանր վնասներ կրած Համայնավար Կուսակցութեան տեղական վարչութեան նախկին կեդրոնը, վերածելով զայն Գիւմրիի արուեստի ակադեմիայի։ Ի վերջոյ Ակադեմիան դռները բացաւ 1997-ին` իր նպաստը բերելով մշակութային որոշ կեանքի մը վերածնունդին այս վերաշինուող բայց եւ այնպէս երկրաշարժի հետեւանքներէն տակաւին տառապող քաղաքին մէջ: Ալեք Մանուկեան փողոցին վրայ գտնուող Գիւմրիի թիւ 14 դպրոցի կառուցումը` 1997-1998-ին եւ Միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղին կողմէ հովանաւորուած Լորտ Պայրըն դպրոցի շինութիւնն ալ կը միտէին երեխաներու կացութեան բարելաւումին մասնակցելուն: Գիւմրիի նոր` Անի թաղամասի եկեղեցին եւ ընկերա-մշակութային կեդրոնը` շինուած Փենսիլվանիայէն՝ Սարգիս Յակոբեանի նուիրատուութեան շնորհիւ, այս նոր քաղաքի սիրտը դարձած են եւ կը հովնաւորեն անոր ընկերային կեանքը: ...

կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի հովանաւորած Նորաշէնի դպրոցը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):

Նորաշէնի (ձախին), Բարեշէնի (աջին) տեղերը պատկերող քարտէս (այս գիւղերու վերակառուցման ծախսերը հոգացած էր ՀԲԸՄ-ը) (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):

ՀԲԸՄ-ի ծախսերով շինուած Նորաշէնի դարմանատան բացումը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):

Քաղաքական Ցնցում Խորհրդային Միութեան Մէջ Եւ Երկրաշարժ` Հայաստանի. Վերագտնուած

Հայրենիքը Եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի Նախագահութեան Շրջանը