«Ձմեռ 1993» ծրագիրը, որ գործադրուելու սկսաւ 1993-ի Փետրուարին «Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ, խորքին մէջ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ սփիւռքին ուղղուած օգնութեան կոչ մը: Բայց անոր անվերապահ կերպով չանսացին գաղութներուն մէջ. մեծ նուիրատուներու` յատկապէս Միութեան անդամ որոշ անձնաւորութիւններու եւ Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամին շնորհիւ է որ արագ մէջտեղ բերուեցաւ շուրջ քսան միլիոն ԱՄՆ տոլարի գումար մը: Այս գումարին շնորհիւ սննդամթերքի զանգուածային բաշխումներ եղան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանէն գնուեցաւ վառելանիւթ, որուն պակասէն խիստ կը տառապէր շնչահեղձութեան շեմին գտնուող երկիրը: Միութիւնը նաեւ անմիջական օգնութիւն հասցուց Արցախի մէջ կռուող «Արաբօ» եւ «Սուրմալու» ջոկատներու ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ զանազան մշակութային եւ գիտական հիմնարկներու պաշտօնեաներուն: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Երեւանի Մատենադարանը` ձեռագիր մատեաններու գրադարանը, զոր Միութիւնը ապահովեց ջեռուցման համակարգով, պաշտօնեաներուն համար ամսական յաւելավճարով մինչեւ 2000 թուականը, ինչպէս նաեւ օդափոխութեան եւ օդի զովացման եւ հակահրդեհային համակարգերով: Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան նոյնպէս զօրակցութեան արժանացաւ` տպարանը սարքաւորումներ ստացաւ, ...
Քաղաքական Ցնցում Խորհրդային Միութեան Մէջ Եւ Երկրաշարժ` Հայաստանի. Վերագտնուած
Հայրենիքը Եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի Նախագահութեան Շրջանը