Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նիստերու ատենագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Լուիզ Մանուկեանն Սիմոնն ու իր գործընկերները հասկցած էին, որ այս բացառիկ հանգամանքներուն մէջ պէտք էր աւելի եւս եռանդով նուիրուիլ Հայաստանեան գործունէութեան եւ շօշափելի կերպով զօրավիգ կանգնիլ հայրենի կառավարութեան: Իր սեփական մարդասիրական ծրագիրներուն զուգահեռ (որոնց մասին` քիչ ետք) Միութիւնը 1992-ի գարնան վճռակամօրէն յանձն առաւ զօրակցիլ նախագահ ՏէրՊետրոսեանի նախաձեռնութեան` ստեղծելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Միացեալ Հայկական Հիմնադրամ (United Armenian Fund) ծրագիրին, որ ամերիկահայ բազմաթիւ մարդասիրական մեծ կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնները կը համախմբէր, ինչպէս նաեւ Լինսի հիմնարկին։ Պէտք է նշել նաեւ Միութեան մասնակցութիւնը կազմակերպումին եւ վերահսկումին սննդամթերքային օգնութեան, որ ամերիկեան կառավարութիւնը յատկացուց Հայաստանին 1991-1992 ձմրան ընթացքին` Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Կարմիր Խաչին հետ համագործակցաբար: Սննդամթերքի բաշխումին «պատասխանատու անձերու» ցուցակէն ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ Միութեան հինգէն տաս պաշտօնական ներկայացուցիչ նշանակուած էր` հսկելու համար գործողութեան հեզասահ ընթացքին վրայ: Հակառակ երկարատեւ զարգացման ծրագիրներու վրայ ...
Քաղաքական Ցնցում Խորհրդային Միութեան Մէջ Եւ Երկրաշարժ` Հայաստանի. Վերագտնուած
Հայրենիքը Եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի Նախագահութեան Շրջանը