Սկիզբը Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը բծախնդրօրէն պաշտօնական յարաբերութիւններ մշակած է Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւններուն հետ, միաժամանակ իր մարդասիրական օժանդակութեան մեծ մասը անցընելով Արարատեան թեմէն, որուն առաջնորդը այն ատեն ապագայ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն էր: Բայց ան նաեւ մօտեցած է Ղարաբաղեան շարժման ղեկավարներուն` վերջիններուս ազատ արձակումէն ետք, 1989-ի ամառը: Անոնք բանտարկուած էին Մոսկուայի մէջ 1988-ի Դեկտեմբերին` Սպիտակի երկրաշարժէն մի քանի օր ետք: Նոյն շրջանին է որ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը կ՚ընտրուի Միութեան նախագահ: Ըստ Ալեք Մանուկեանին մօտ անձի մը` երկրաշարժէն առաջ իսկ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը արտայայտած էր Միութեան Հայաստանի կապուած ծրագիրներուն նուիրուելու իր մտադրութիւնը` առանց սակայն մտածելու կազմակերպութեան ղեկը ստանձնելու մասին: Սակայն Հայաստանի զգեստած յանկարծակի կարեւորութիւնը ձեւով մը իր ընտրութիւնը դարձուց Երեւանեան իր գործունէութեան բնական շարունակութիւնը: Խորհրդային Միութեան մէջ նկատուող քաղաքական փոփոխութիւնները նախազգալ կու տային արդէն ընկերա-տնտեսական դժուարին անցում մը: ...
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքը (բացումը 1991-ի վերամուտին) (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ աւարտական արարողութիւն (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի շրջանաւարտ սերունդներէն մէկը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Երեւան):
Քաղաքական Ցնցում Խորհրդային Միութեան Մէջ Եւ Երկրաշարժ` Հայաստանի. Վերագտնուած
Հայրենիքը Եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի Նախագահութեան Շրջանը