ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 59

Պաղ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Հայաստանին նեցուկ կանգնելու առումով Միութեան դիմագրաւած սահմանափակումները լիովին կ՚արտացոլան Ալեք Մանուկեանի եւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսան Կիրակոսեանի 1977-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ միջազգային ցուցահանդէսի մը առիթով ունեցած զրոյցին մէջ: Այն ատեն ընթացքի մէջ էր շինարարութիւնը Նիքիթա Խրուշչեւի կողմէ Հայաստանին շնորհուած եւ երկիրի բոլոր գիւղատնտեսական խնդիրներու փրկարար լուծումը բերելու յաւակնող Արփա-Սեւան փապուղիին: Գերարդիական սարքաւորումներու բացակայութիւնը, սակայն, կը դանդաղեցնէր աշխատանքներուն ընթացքը: Ալեքսան Կիրակոսեանը, որ ծանօթ էր Ալեք Մանուկեանի առատաձեռնութեան հռչակին, կը դիմէ անոր` ձեռք ձգել փորձելու համար երկու Քաթերփիլլըր մեքենաներ` մօտաւորապէս մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ: Սակայն բարերարէն ոչ մէկ յստակ պատասխան կը ստանայ` պարզ պատճառով մը. այս մեքենաները մաս կը կազմէին ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ Խորհրդային Միութիւն արտահանման արգելքի տակ դրուած ապրանքներու սեւ ցուցակին:

Միութիւնը սակայն գործունէութեան շատ աւելի ազատ դաշտ ունէր, երբ հարցը վերաբերէր Էջմիածնի Մայր Աթոռին օժանդակելուն: ...

կարդալ աւելին

Քաղաքական Ցնցում Խորհրդային Միութեան Մէջ Եւ Երկրաշարժ` Հայաստանի. Վերագտնուած

Հայրենիքը Եւ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնի Նախագահութեան Շրջանը

ՀԲԸՄ-ի վեցերորդ նախագահ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Լուիզ Մանուկեան Սիմոնը Երեւանի մէջ, 7 Դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժէն քիչ ետք, Ամենայն Հայոց ապագայ Կաթողիկոս Գարեգին Վեհափառ Սարգիսեանի եւ Իտալիոյ «Կարմիր Խաչ»ի ներկայացուցիչին հետ (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):

Հայաստանի Եւ ՀԲԸՄ-ի Միջեւ Յարաբերութեան Վերականգնում՝ Սպիտակի Երկրաշարժէն (1988) Եւ Հայաստանի Անկախութենէն Ետք (Տեսաերիզ)

Պերճ Սեդրակեան. ՀԲԸՄ-ը Պահպանեց Հաւասարակշիռ Գործունէութիւն Սփիւռքի Եւ Հայրենիքի Միջեւ (Տեսաերիզ)