ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 54

Բարեբախտաբար, 1958-ի տագնապը շատ երկար չտեւեց եւ Լիբանանը զերծ մնաց երկարատեւ պատերազմի մը աւերիչ հետեւանքներէն: Յաջորդող տարիներուն ընթացքին երկիրը վերագտաւ զարգացման իր արագ թափը: Տնտեսական աճին զուգորդուեցաւ լիբանանցիներու կենսամակարդակի բարելաւումը: Այս պայմաններուն մէջ հայկական համայնքային կեանքը աշխուժութեան բարձունքներ նուաճեց. հարուստ եւ եռուն միութենական կեանք, լաւ զարգացած կրթական մարզ, համայնքային հաստատութիւննեու բազմացում: Սակայն Լիբանանի քաղաքացիական խաղաղութիւնը խախուտ էր, որովհետեւ ենթակայ էր շրջանային նուազագոյն վերիվայրումի սպառնալիքին: 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան, երբ իրենց սփիւռքին` այսինքն Իսրայէլի դրացի արաբ երկիրներուն մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ ապաստանած էին, արմատականացաւ պաղեստինեան ազգային շարժումը, լիբանանցիները դէմ յանդիման գտնուեցան նոր փորձութեան մը: Պաղեստինցի զինեալ խմբաւորումներու ներկայութիւնը Լիբանանի հողին վրայ դարձաւ առճակատման նոր աղբիւր. պէ՞տք էր զօրակցիլ պաղեստինեան դատին, թէ՞ պէտք էր քշել Լիբանանի տարածքէն պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութիւնները:

Ահա այս հարցը քննարկուեցաւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ եւ յառաջացուց ընկերային,

քաղաքական եւ յարանուանական բաժանումներ, որոնցմէ Լիբանանը իր ստեղծման օրէն չէր յաջողած ձերբազատուիլ:

Համայնքին կիրքերը բորբոքեցան անգամ մը եւս` հրահրուած շրջանային եւ միջազգային տագնապներէ: Պետութիւնը անկարող եղաւ տիրապետելու կացութեան եւ վերջ տալու բիրտ ուժի օգտագործումին: Ի վերջոյ ամբողջ պետական կառոյցը փուլ եկաւ. պաղեստինցի գաղթականներու խնդիրը դարձաւ կայծը, որ բռնկեցուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը 1975-ի Ապրիլին: Յաջորդող տասնհինգ տարիներուն այս տագնապը ստացաւ շրջանային, ապա` միջազգային տարողութիւն: ...

կարդալ աւելին

Մերձաւոր Արեւելքը Տագնապի Մէջ.Սփիւռքի Կրած Փոփոխութիւնները

Ալեք Մանուկեանը Պէյրութ կ՛այցելէ 1971-ին: Ամպիոնի աջին՝ նախարար Ռէմօն Էտտէն, ձախին՝ Ա. Մանուկեանը դիտող Փիէռ Ժըմայէլը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):