ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 53

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր երկիրներուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները հարցականներ ստեղծեցին հոն հաստատուած հայ համայնքներու ապագային նկատմամբ:

Բախումներու աւարտէն անմիջապէս ետք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած ամենէն կարեւոր վերիվայրումներէն մէկը աստիճանական վերացումը եղաւ ֆրանսական եւ անգլիական զինուորական ու վարչական ներկայութեան: Ստեղծուեցան անկախ նոր պետութիւններ. Սուրիան եւ Լիբանանը` 1943-ին, Յորդանանը` 1946-ին:

Հոգատարութիւններու վերջը, սակայն, խոր մտահոգութիւն պատճառեց շրջանի, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերուն: Արդարեւ, անոնց մեծամասնութիւնը Ֆրանսական Վարչութիւնը զինք պաշտպանող ուժ մը կը նկատէր` յիրաւի կամ ոչ: Հայկական շրջանակներուն մէջ լայն տարածում ունեցող այս զգացումն էր, հաւանաբար, որ մղեց զիրենք զանգուածաբար ներգաղթելու Խորհրդային Հայաստան: Բայց հիւրընկալ այս երկիրներուն մէջ ապրող հայերու թիւը մնաց նկատառելի. ներգաղթի թեկնածուներէն ոմանք չէին կրցած միանալ հայրենադարձներու կարաւաններուն, որովհետեւ 1948-ին խորհրդայինները բիրտ կերպով վերջ դրած էին սփիւռքէն դէպի Հայաստան բնակիչներու փոխադրութեան: Ուրիշ հայեր երբեք չէին մտածած Խորհրդային Հայաստան հաստատուելու մասին, հակառակ Մերձաւոր Արեւելքի իրենց երկրորդ

հայրենիքներուն մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն: Հայկական համայնքներու յոռետես կանխատեսումները արթնցան Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին եւ մեծամասնութեամբ անտեղի դուրս եկան: Մինչ տասնեակ հազարաւոր հայրենադարձներ կը յայտնաբերէին խորհրդային մռայլ միջավայրը, երկու երկիրներ` Լիբանանը եւ Իրանը, կ՚ապրէին, տնտեսական անակնկալ բարգաւաճման ժամանակաշրջան մը, որմէ տեղւոյն հայկական համայնքները մեծապէս օգտուեցան: Հոն յառաջացան նոյնիսկ հայկական նոր, համեմատաբար բարեկեցիկ ընկերային դասակարգեր, որոնք առաւելագոյնս կ՚օգտուէին ընկերա-տնտեսական կեանքի զարգացումէն: Իրանը եւ յատկապէս Լիբանանը այդ օրերուն հայկական համայնքային կեանքի ամրապնդման համար նպաստաւոր միջավայր էր. արդիական նախակրթարաններ եւ երկրորդական վարժարաններ շինուեցան հոն, գիրքերու եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութիւնը ծաղկում ապրեցաւ, մշակութային եռուն կեանք ստեղծուեցաւ, մտաւորականութիւն մը յառաջացաւ: Այս բոլորը Պէյրութը` Լիբանանի մայրաքաղաքը, դարձուցին հայկական աշխարհի կենսունակ մէկ բեւեռը, գրաւիչ եւ ապահով վայր մը, զարգացման եւ կազմակերպումի տիպար մը` 1950 եւ 1960 թուականներու հայկական ամբողջ սփիւռքին համար: ...

կարդալ աւելին

Մերձաւոր Արեւելքը Տագնապի Մէջ.Սփիւռքի Կրած Փոփոխութիւնները