ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 55

Միւս կողմէ լիբանանեան տագնապը վնասեց նաեւ Միութեան Լիբանանի մասնաճիւղի ստեղծած դպրոցական եւ միութենական լայն ցանցին: Արեւմտեան Պէյրութի որոշ թաղամասեր, ուր հայ բնակչութիւնը կարեւոր թիւ կը կազմէր, բախումներու թէժ վայր դարձան: Այս թաղերու բնակիչներուն վիճակը աւելի բարդացաւ երբ 1982-ին իսրայէլեան բանակը ներխուժեց Պէյրութ. բազմաթիւ ընտանիքներ փախան պաշարուած եւ իսրայէլցիներու կողմէ ռմբակոծուող Պէյրութէն եւ ապաստանեցան մայրաքաղաքի արեւելեան մասը: Միութեան երիտասարդ անդամները, այն ատեն, պահակութիւն ըրին Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ-ուաթ թաղին մէջ գտնուող «Ալեք Մանուկեան» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, որպէսզի տեղւոյն զինեալ ուժերը չգրաւեն զայն: Ամբողջ պատերազմի ընթացքին այս կեդրոնը որպէս ապաստանարան ծառայեց դրացի թաղերու հայ բնակիչներուն: Այս նոր պայմաններուն մէջ Միութիւնը վերադասաւորում կատարեց իր աշխատանքին մէջ եւ աստիճանաբար փակեց արեւմտեան Պէյրութի մէջ գտնուող իր հաստատութիւնները: Բացի համահայկական մարդասիրական գործունէութեան իր մասնակցութենէն, տեղւոյն Շրջանակային Վարչութիւնը պատերազմի ամբողջ ընթացքին կազմակերպեց սննդամթերքի, հագուստի եւ դեղօրայքի բաշխում հազարաւոր հայ աղէտեալներու:

Լիբանանի պատերազմը վերջացաւ 1990-ին: Անկէ ի վեր երկիրը երկար ճամբայ կտրեց, շինարարական բազմաթիւ խոշոր ծրագիրներ իրագործուեցան: Սակայն տասնհինգ տարիներու կռիւներէն ու կործանումէն ետք հնարաւորութիւն չստեղծուեցաւ կարճ ժամանակի մէջ սպիացնելու պատերազմի պատճառած բոլոր վէրքերը: Մարդկային զոհեր տալէ զատ, հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներ անվերադարձ լքեցին երկիրը եւ մշտական բնակութիւն հաստատեցին այլ տեղեր: Նոյն բանը պատահեցաւ հայ համայնքին, որ պատերազմի աւարտին թշուառ պատկեր մը կը պարզէր համեմատած իր նախկին վիճակին. նուազում իր ժողովրդագրական կշիռին, փակում բազմաթիւ համայնքային հաստատութիւններու, նահանջ միութենական եւ մտաւորական կեանքի: Հակառակ այս բոլորին, Լիբանանը տակաւին այն միակ եւ իւրայատուկ վայրն է, ուր հայերուն պէս փոքրամասնութիւն մը կը վայելէ համայնքային կեանքին նպաստող կարեւոր առաւելութիւններ: Աւելին. այս երկիրին մէջ, ուր ժողովրդավար կառոյցները, ընդհանուր առմամբ, չեն փոխուած, հայերը տակաւին ունին վերաշխուժացումի հնարաւորութիւններ: Լիբանանի պատերազմի սկիզբէն մի քանի տարի ետք, Մերձաւոր Արեւելքի ուրիշ մէկ երկիր` Իրանը, թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական մեծ վերիվայրումներու: Ժողովրդային խաւերու զօրաւոր ճնշումին տակ` Շահ Մուհամմետ Ռեզա Փահլեւին ստիպուած եղաւ ...

կարդալ աւելին

Մերձաւոր Արեւելքը Տագնապի Մէջ.Սփիւռքի Կրած Փոփոխութիւնները