ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 5

Կը հիմնէ կրթական հաստատութիւններ, գրադարաններ, կը ստեղծէ սկաուտական շարժումներ, ամառնային ճամբարներ, կը հաստատէ կրթաթոշակներ, երիտասարդական բազմաթիւ ծրագիրներ՝ ասպարէզային փորձառութեան ծրագիրներ, կատարողական արուեստներ, եւն…։ Այս բոլորին զուգահեռ, միշտ կը մնայ մեր մշակոյթի ջատագով պահապանը եւ կը հովանաւորէ արուեստի տարբեր խումբեր, համոյթներ, ամսագիրքերու եւ պարբերաթերթերու հրապարակումներ։

ՀԲԸՄ-ի պատմութեան մէջ մեծ եղած է տարբեր կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու դերը։ ՀԲԸՄ-ը միշտ եղած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ կողքին եւ առաջնային դեր կատարած է կառուցելով ու վերակառուցելով եկեղեցիներ եւ ճարտարապետական կոթողներ։ Տարեց մարդոց համար համագործակցաբար հիմնած է երեք Հայորդաց Տուներ, բարեգործական ճաշարաններ: Հպարտութեաբ կը յայտնենք, որ ՀԲԸՄ-ը իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է Մեծ Եղեռնի նահատակներու սրբադասումի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ինչ կը վերաբերի առողջապահական ասպարէզին, Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի հետ համագործակցաբար, հիմնած է գերձայնային հետազօտութեան բաժիններ, հաստատած է նաեւ ճառագայթային ախտորոշման եւ բուժման կեդրոն մը: Կը հաստատենք, որ միշտ պատրաստ ենք համագործակցելու տեսլական ունեցող բարերարներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին վերջերս մշակուած համագործակցութիւնն է IDeA կազմակերպութեան հետ, որպէսզի առաւել հզօրանանք եւ նպաստենք մեր հայրենիքի բարգաւաճման։

Կրթութեան ոլորտի մէջ ՀԲԸ Միութեան առաջատար դերը սկիզբ առած է 1900-ականներուն, առաջին դպրոցի կառուցումով։ Այդ գործունէութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն է 1991-ին համագործակցութեամբ հիմնուած Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը։ Առաւել, 2009-ին, ՀԲԸՄ-ը հիմնած է Հակական Համացանցային Համալսարանը: 2011-ին, Fruitful Armenia Fund-ի հետ նպաստած է Արցախի մէջ «համակարգիչ՝ իւրաքանչիւր երեխայի» ծրագրի իրականացման: Վերջերս համագործակցիլ սկսած է 2014-ին (կարծեմ 2011-ին հիմմնուած է, ստուգեցէք) հիմնուած ԹՈՒՄՕ - Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու Կեդրոնին հետ եւ Թումօ-կեդրոններ հաստատած է Ստեփանակերտի եւ Գիւմրիի մէջ: Կրթական նոր մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, 2015-ին հիմը դրած է կրթական նորարար հարթակի մը, հրապարակելով ել. գիրքեր եւ բջիջային յաւելուածներ (mobile apps):

110 տարուան պատմութեան ընթացքին, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ՀԲԸՄ-ը կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ծրագիրներու միջոցով անդադար նպաստած է հայկական ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման։ Այսօր, ՀԲԸՄ-ը , նոր մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, կ՚որդեգրէ նոր ռազմավարութիւն, պահպանելու համար Միութեան հիմնական նպատակները:Մենք, հաստատակամ եւ աննկուն ոգիով պիտի շարունակենք իրագործել 1906-ին հաստատուած արժէքները: Թեւակոխելով նոր հանգրուան, մեր առաքելութիւնը պիտի շարունակենք նոյն անսասան ոգիով։

Պերճ Սեդրակեան

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ

ՀԲԸՄ-ի Նախագահի Ուղերձը