ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | страница 6

«Դար Մը Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» երկհատորեակի բնօրինակը լոյս տեսած է 2006-ին, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի թելադրութեամբ: Գիրքի համահեղինակներն են Ռէյմոնտ Յ. Գէորգեան եւ Վահէ Թաշճեան: Այս գիրքը լուսարձակի տակ կ՚առնէ ՀԲԸՄիութեան 100 տարուան պատմութիւնը, քննելով եւ գնահատելով անոր անցած ուղին: Լոյս տեսած է ֆրանսերէն

լեզուով եւ թարգմանուած է արեւմտահայերէնի եւ անգլերէնի: Գիրքը հարուստ աղբիւր է անոնց համար, որոնք կը հետաքրքրուին հայ ժողովուրդի պատմութեամբ:

2016-ին ՀԲԸՄ-ը նշեց իր հիմնադրութեան 110 ամեակը: Գիրքի հրատարակութեան յաջորդող տասը տարիներուն ՀԲԸՄ-ը մեծ աճ արձանագրեց եւ իր գործունէութեան ու ծրագիրներուն մէջ ընդգրկեց համաշխարհային մօտեցումներ: Նորարարութեանց յետամուտ, ՀԲԸՄիութիւնը նախաձեռնող եղաւ յատկապէս կրթական ոլորտի մէջ։ Թուայնացման աշխարհի նորարարութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն է ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հրապարակած ել. գիրքերու շարքը։

Նկատի ունենալով կրթական ոլորտէն ներս ՀԲԸՄիութեան կատարած մեծ ներդրումը, Միութեան 110 ամեակի տօնակատարութիւններուն առթիւ, «Դար Մը Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքը ծրագրած ենք ներկայացնել նոր ձեւաչափով :

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Դար Մը Պատմութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի հեղինակներուն՝ Ռէյմոնտ Յ. Գէորգեանին եւ Վահէ Թաշճեանին, որոնք ողջունեցին գիրքի թուայնացման գաղափարը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Պորիս Աճեմեանին, աղբիւրներու տրամադրման եւ ընդհանրապէս մատուցած օժանդակութեան համար։ Այս գիրքին հրապարակումը անկարելի պիտի ըլլար, եթէ ՀԲԸՄ-ը նիւթապէս չհովանաւորէր ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու շարքին հրապարակումը: Մասնաւորաբար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, որուն տեսլականին եւ յարատեւ աջակցութեան շնորհիւ, ՀՀՀ-ը կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը՝ հայկական կրթութեան ոլորտին մէջ:

Այս գիրքը պատմաբաններուն համար կրնայ ծառայել որպէս ել. համայնագիտարան: Նաեւ, հաճելի աղբիւր է անոնց համար, որոնք կը փափաքին ճանչնալ ՀԲԸՄիութեան առաջին հարիւր տարուան գործունէութիւնը:

Երուանդ Զօրեան

Հիմնադիր Եւ Տնօրէն ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Անդամ

Նախաբան Եւ Խօսք Երախտագիտութեան՝ Ել. Հրապարակումին Առթիւ