1906-ին, ազգային աւիւնով տոգորուած նուիրեալներ, որոնց նպատակն էր զարկ տալ հայրենիքի հասարակական եւ տնտեսական կեանքին, մարդասիրական ծառայութիւններ եւ օժանդակութիւն մատուցելու միտումով հիմնեցին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ)։
Այս տարի մենք կը նշենք յստակ տեսլականի
վրայ հիմնուած ՀԲԸՄ-ի 110 ամեայ բացառիկ յաջողութիւնը։ Հայ ժողովուրդին օժանդակող եւ անոր յառաջդիմութեան նպաստող համաշխարհային այս շարժումը կը գործէ աւելի քան 31 մասնաճիւղերու եւ 70 կեդրոններու ընդմէջէն։
Երախտագիտութեամբ կ՛ուզենք նշել, որ մեր յաջողութիւնը իրականացաւ շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր կամաւորներու եւ բարերարներու։
Հաւատարիմ իր առաքելութեան, ՀԲԸՄ-ը միշտ կը խրախուսէ ժամանակակից նորարարական ծրագիրները, իր բարեսիրական ծառայութիւններով, կրթական եւ երիտասարդական ծրագիրներով՝ նպաստելով հայութեան ընկերային եւ տնտեսական դիրքի բարօրութեան։
Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, ՀԲԸՄ-ին զօրավիգ
կանգնած են աշխարհի տարբեր կողմերէն՝ Ատիս Ապապայէն, Կալկաթայէն եւ Լոնտոնէն։ Փոխադարձաբար, հիմնադրութեան առաջին օրէն, ՀԲԸՄ-ը միշտ եղած է այնտեղ, ուր պէտք եղած է իր օգնութեան կարիքը։ 1907-ին ՀԲԸՄ-ը օժանդակած է Պիթլիսի (Օսմանեան կայսրութիւն) երկրաշարժի զոհերուն: Այդ դէպքէն Ճիշդ 80 տարի ետք, ՀԲԸՄ-ը 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ օգնութիւն կը տրամադրէ Սպիտակի եւ շրջակայ տարածքի 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն:
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի օրերուն, ՀԲԸՄ-ը շրջահայեաց կը գտնուի եւ սատար կը հանդիսանայ Միջին Արեւելք հաստատուած հայ գաղթականներուն, բարեսիրական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցաբար նիւթական օժանդակութիւն հասցնելով Գահիրէէն մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այսօր, աշխարհատարած բարերարներու օգնութեամբ, ՀԲԸՄ-ը մեծ նախաձեռնութիւններով կը բաւարարէ Սուրիոյ տագնապին մատնուած սուրիահայերու կարիքները։ Տնտեսական եւ այլ օժանդակութիւններով կը նպաստէ սուրիահայերու վերահաստատման՝ Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ։ Այդպիսի նախաձեռնութիւններէն է սուրիահայերու համար մշակուած Արցախի գիւղատնտեսական ծրագիրը եւ կրթանպաստ թոշակները, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ուսանողներուն կերտելու իրենց պայծառ ապագան։ Խորհրդային շրջանին, Աշխարհամարտէն յետոյ, ՀԲԸՄ-ը կը հովանաւորէ տարբեր որբանոցներ, կը վերակառուցէ գաղութներ, կ՚ապահովէ աղջիկներու եւ կիներու կարիքները եւ կը համակարգէ հայրենիք վերահաստատուելու աշխատանքները։ Տարիներու ընթացքին ՀԲԸՄ-ը հսկայ աճ կ՚արձանագրէ։
ՀԲԸՄ-ի Նախագահի Ուղերձը