ՀԲԸՄ-ի կողմէ ղեկավարուող երկու դպրոց Սուրիոյ մէջ՝ Շէյխ Մաքսուտի եւ Ճերաշլուսի (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Նիւ Եորքի Կեդրոնական Վարչութեան Նախաձեռնութիւնը` Ի Նպաստ Մերձաւոր Արեւելքի Եւ Յունաստանի Կրթական Մարզի Զարգացման 1950- ական Թուականներուն
Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ հայմայնքներուն մէջ տիրող քաղաքական երկբեւեռացումը գոյատեւեց սուրիական եւ լիբանանեան տարածքներէն ֆրանսական զօրքի եւ վարչամեքենայի մեկնումէն եւ անկախ պետութիւններու հաստատումէն ետք ալ: Իրարու հակառակորդ հայկական քաղաքական կազմաւորումները շարունակեցին իրենց առճակատումը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, յատկապէս կրթական հաստատութիւններու վերահսկումին, ուր իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէր պարտադրել իր ազդեցութիւնը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին` 1950-ականներուն, մրցակցութիւնը նոր թափ առաւ շինութեամբը բազմաթիւ հաստատութիւններու Պէյրութի, Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: Դպրոցական ցանցը միշտ կը ծառայէր տարածելու քաղաքական գաղափարները եւ հաստատելու զանազան կազմաւորումներու ազդեցութիւնը:
Ինչպէս 1930-ականներուն, այնպէս ալ հիմա Միութեան կրթական գործունէութիւնը անմասն չմնաց այս ազդեցութեան պայքարներէն, մանաւանդ որ կրթական մարզը ՀԲԸՄ-ին համար դարձած էր առաջնահերթ ատենէ մը ի վեր: Իրականութեան մէջ, Միութեան տեղական ...
ՀԲԸՄ-ի Տպպայէի (Պէյրութի հիւսիսը) «Կարմիրեան» վարժարանը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Լէյլա (Լիլա) Գարակէօզեանը 1954-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին