Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին
Կրթաթոշակներու Յատկացում Դպրոցականներու Եւ Համալսարանականներու. Միութեան Կրթական Նոր Ռազմավարութիւնը
1950 եւ 1960 թուականները, արդէն ըսինք, կը նշեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միութեան դպրոցական ցանցի ամրացումը. այս ժամանակաշրջանը նախերգանքն է նաեւ Միութեան նոր մէկ յանձնառութեան կրթական կեանքին մէջ` կրթաթոշակներու յատկացումին համալսարանական ուսանողներու եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու: Այս նոր նախաձեռնութիւնը անվիճելիօրէն կը համապատասխանէ հայկական սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած ընկերային փոփոխութիւններուն: Արդարեւ, նախորդ տասնամեակներուն հայ համայնքները յատկանշող աղքատութիւնը իր տեղը զիջած է լաւապէս հաստատուած ընկերութիւններու` համեմատաբար բարեկեցիկ կենսամակարդակով: Հետեւաբար, ընտանիքները չեն բաւարարուիր միայն նախնական կրթութիւն տալով իրենց զաւակներուն եւ շատեր կ՚ուզեն որ անոնք ստանան համալսարանական վկայականներ:
Մտայնութիւնը փոխուած է, նոր կենսակերպ եւ նոր խորհրդանիշներ որդեգրուած են, եւ, ...
Կրթական Գործը Ալեք Մանուկեանի Նախագահութեան Շրջանէն Մինչեւ Մեր Օրերը
1960-ական եւ 1970-ական տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միութեան կրթական գործունէութիւնը շարունակական զարգացում ապրեցաւ. նոր հաստատութիւններ շինուեցան եւ արդէն գոյութիւն ունեցող շէնքեր նորոգուեցան կամ ընդարձակուեցան:
1961-ին Միութիւնը հիմնեց «Լեւոն Նազարեան» նախակրթարանը` Պէյրութի Սըն ըլ Ֆիլ թաղամասին մէջ` շնորհիւ Նազարեան ընտանիքի 60000 ԱՄՆ տոլար նուիրատուութեան: ...