ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | страница 44

Բարձր Քոմիսէրութեան ընդհանուր ապահովութեան 1934 Նոյեմբեր թուակիր մէկ տեղեկագիրը կը բացայայտէ իսկական քաղաքական դրդապատճառները, որոնք կը մղեն հոգատար իշխանութիւններու` մերժելու Միութեան պաշտօնական ճանաչման դիմումը: Հոն կը յայտնուի հայկական քաղաքական թատերաբեմի պարզունակ մէկ պատկերը, որ շրջանառութեան մէջ դրած է Բարձր Քոմիսէրութիւնը: Վերջինս կը կասկածի նոյնիսկ, որ Միութիւնը «գաղտնի նպատակներ ունի», որոնք կրնան որոշ իրարանցում ստեղծել եւ դժգոհ ձգել Դաշնակցութիւնը: Այս տեղեկագիրը կ՚ընդգծէ նաեւ կարեւորութիւնը, որ դպրոցական ցանցը սկսած է ստանալ հայ քաղաքական դաշտին մէջ. իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ իր հակակշիռին տակ առնել դպրոցները:

«[…] Դիմումը, որ ան [Միութիւնը] կ՚ընէ այսօր` ճանչցուելու համար իբրեւ հանրային օգտակարութիւն ունեցող հիմնարկ, գաղտնի նպատակներ կը հետապնդէ եւ, այս պատճառով, որոշ վերապահութիւն կը թելադրէ:

Այս Ընկերութիւնը կը ղեկավարուի Ռամկավար կուսակցութեան անդամներու կողմէ: Ան մի քանի ամիս առաջ հիմնեց, Հնչակեաններուն եւ Համայնավարներուն հետ, միացեալ ճակատ մը ընդդէմ Դաշնակցութեան:Ելեւմտական գործունէութիւնը ընկերութեան, որ Լոնտոնի մէջ պատկառելի գումարներ ունի, օգտագործուեցաւ ի նպաստ այս ճակատի քարոզչութեան: Պէյրութի եւ Հալէպի հայկական գաղթակայաններուն մէջ թռուցիկներ բաժնուեցան ...

կարդալ աւելին

Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին

Ալեսքանտրէթի Նուպարեան վարժարանի աշակերտներու մարզական տողանցք 1937-ին, երբ շրջանը տակաւին Ֆրանսայի կողմէ գրաւուած էր (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Անթիլիասի (Լիբանան) ՀԲԸՄ-ի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի պզտիկները, 1933-1934 (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):